21 January, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Շաբաթ, 21 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Աւստրալիայէն Լիբանան ժամանած եկեղեցական պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորոութեամբ Աւստրալիոյ Միացեալ Եկեղեցւոյ Նախագահ՝ Վերապատուելի Սդուարդ Մագմիլլանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան։

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ, առաջին հերթին, անդրադառնալու քրիստոնէական աշխարհը յուզող ընդհանրական հարցերու ու մարտահրաւէրներու շուրջ։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն պարզեց Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ներկայ իրավիճակը՝ լուսարձակի տակ բերելով յատկապէս քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ ներքին գործակցութիւնը ամրացնելու, Արեւմտեան եկեղեցիներուն հետ յարաբերութիւնները աւելի սերտացնելու եւ քրիստոնէական վկայութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւնը։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց Աւստրալիոյ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցական խորհուրդներու միջեւ փոխադարձ այցելութիւններու ճամբով գործակցութիւնը ծաւալելու հրամայականը։

More News