9 January, 2017

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԴԷՄՔԵՐ

 

            Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հալէպ իր կեցութեան ընթացքին հերթաբար ընդունեց քաղաքական եւ հոգեւորական բարձրաստիճան դէմքեր եւ ներկայացուցիչներ։

            Ա) Սուրիոյ խորհրդարանի Հալէպի բոլոր երեսփոխանները, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Վեհափառ Հայրապետը՝ Սուրիոյ Նախագահ՝ Պաշշար Ալ Ասատին հետ Դամասկոսի մէջ իր ունեցած հանդիպումին համար։ Յայտնեք, որ Սուրիոյ մէջ յատուկ ուշադրութեամբ ողջունուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելութիւնը Դամասկոս եւ Հալէպ։

            Բ) Հալէպի մէջ գործող իսլամ հոգեւորականներու այցելութիւնը, որոնք եկած էին գնահատելու Վեհափառ Հայրապետին բերած նպաստը Քրիստոեայ-Իսլամ երկխօսութեան ծիրէն ներս, եւ ունկնդրելու միաստուածեան զոյգ կրօններուն համագործակցութեան գծով Վեհափառ Հայրապետին կարծիքը։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց իսլամ հոգեւորականներուն, թէ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաները եկուորներ չեն, այլ՝ անոնք անքակտելի մասը կը կազմեն այս շրջանին։

            Գ) Հալէպի Քրիստոնեայ բոլոր համայնքապետերուն այցելութիւնը, որոնք սրտբաց զրոյց ունեցան Նորին Սրբութեան հետ եւ շարք մը հարցերու գծով ուզեցին իմանալ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները։ Այս հանդիպումը անոնք պատեհ առիթը նկատեցին շնորհակալութիւն յայտնելու Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեանց ու գործակցութեանց մէջ Նորին Սրբութեան ունեցած հաւասարակշռուած ու իմաստուն գործունէութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց քրիստոեայ հոգեւոր առաջնորդներուն, որ Հալէպի ազատագրման գծով Միջ-եկեղեցական գոհաբանական յատուկ աղօթք կազմակերպեն։

            Դ) Հալէպի նահանգապետին եւ կուսակցապետին այցելութիւը, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Վեհափառ Հայրապետը իր Հալէպ կատարած պատմական եւ քաջ այցելութեան համար։  

Ե) Հալէպի համալսարանին տնօրէնը եւ ուսուցչական կազմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որոնք եկած էին հրաւիրելու Վեհափառ Հայրապետը՝ յարմար առիթով դասախօսութիւն մը տալու Հալէպի համալսարանէն ներս։

            Յայտնենք նաեւ, որ Հալէպ իր երկօրեայ կեցութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ, ուր դիմաւորուեցաւ մեծ թիւով հաւատացեալներու ծափողջոյննեով եւ հոգեւոր առաջնորդներուն ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքերով։

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան Վեհափառ Հայրապետին Հալէպ ժամանումը որակեց օրհնաբեր եւ գօտեպնդող, իսկ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, 5 տարիներու տարապանգէն ետք, վերանորոգող եւ յուսադրող։

More News