7 Հունվարի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԿՈՉ ՈՒՂԵՑ ՀԱԼԷՊԷՆ

Ուրբաթ, 6 Յունուար 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս գումարուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, ներկայութեամբ՝ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շտապ Մարմնի բոլոր անդամներուն, համայնքային բոլոր կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն։

 

Թեմակալ Առաջնորդը Ազգային Երեսփոխանական ժողովի բացումը կատարելով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին Հալէպ օրհնաբեր այցելութիւնը, եւ հալէպահայութեան սրտի թարգմանը ըլլալով ըսաւ. «Ձեր յաղթական Հալէպ մուտքով ծաղկազարդեցիք հալէպահայութեան կեանքը։ Հոծ բազմութեան կողմէ ձեր դիմաւորութիւնը կենդանի վկայութիւն է, որ հակառակ իր կրած ծանր կորուստներուն Հալէպի հայ գաղութը կանգուն կը մնայ, եւ պերճախօս վկայութիւն է՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ մեր ժողովուրդին ունեցած անխախտ հաւատքին ու հաւատարմութեան»։

 

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի իր խօսքը փոխանցէ ներկաներուն։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով հայ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Շտապ Մարմինը, ինչպէս նաեւ հայ կեանքէն ներս գործող միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչները ըսաւ. «Սխա՛լ է այն կարծիքը, թէ Հալէպի հայ գաղութը կորսնցուցած է անցեալի իր հայաբոյր մթնոլորտը։ Սխա՛լ է այն կարծիքը, թէ Հալէպը այլեւս չի կրնար ըլլալ ինչ որ էր մօտիկ անցեալին։ Եկայ, տեսայ ու վկայեցի։ Դիտելով զիս շրջապատող բազմահազար ժողովուրդը, կը վկայեմ թէ Հալէպը կանգուն է։ Հակառակ իր կրած վնասներուն՝ ան հաւաքական կամքն ու յանձնառութիւնը ունի ինքզինք վերականգնելու։ Վստահ եմ, որ մեր ամբողջ ազգը, Հայաստանի պետութիւնը, մեր Եկեղեցին, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, մեր բոլոր կազմակերպութիւններն ու գաղութները գո՛րծնապէս մասնակից պիտի դառնան ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար Հալէպի վերականգնումին»։

 

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց Հալէպի տագնապի ընթացքին մեր ժողովուրդին ցուցաբերած միասնականութեան ոգին։ Ան ըսաւ. «Սուրիոյ հայութեան մեր համազգային զօրակցութիւնը օժանդակութեան հանգրուանէն պէտք է ընթանայ դէպի վերականգնում։ Մեր զօրակցութիւնը պատահական չդառնալու համար ուզեցինք կոչի մը շրջագիծէն ներս մեր պատկերացումը բաժնել մեր ժողովուրդին հետ։ Լիայոյս ենք, որ մենք բոլորս միասնական ճիգով պիտի լծուինք Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն»։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց Առաջորդ Սրբազանը, որպէսզի ընթերցէ Հայրապետական կոչը։

 

Ստորեւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական կոչին բնագիրը։
https://www.armenianorthodoxchurch.org/wp-content/uploads/2017/01/Gotch-Haleben-PDF.pdf

More News