1 January, 2017

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ’ԱՅՑԵԼԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

 
 
Շաբաթ, 31 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Լիբանանի Փտածութեան դէմ պայքարի նախարար՝ Նիքոլա Թուէյնի այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի Տնտեսութեան նախկին նախարար՝ Վրէժ Սապունճեանը:
 
Նախարարի այցելութեան հիմնական նպատակն էր ստանալ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը՝ կառավարութեան մէջ իր ստանձնած նոր պաշտօնին համար: Նախարարը տեսակցութեան ընթացքին տեղեկացուց Վեհափառ Հայրապետին իր յառաջիկայի ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին:
 
Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին շնորհաւորեց նորանշանակ նախարարը, ինչպէս նաեւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց յառաջիկայ տարուան ընթացքին Լիբանանի խաղաղութեան եւ բարգավաճման համար:

More News