31 December, 2016

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՒԵՏԻՍԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ

Նոր տարուան առաջին վայրկեաններուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերը պիտի աւետեն 2017 նոր տարուան բարեբեր գալուստը։ Ապա Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ փառաբանական յատուկ արարողութիւն։
 
Կիրակի, 1 Յունուար 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ պատարագ առ ի խաղաղութիւն համայն աշխարհի։
 
Արարողութեան աւարտին Հայրապետական դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը 2017 տարուան իր Հայրապետական անդրանիկ պատգամը պիտի տայ եւ ընդունի նոր տարուան շնորհաւորութիւններ:
 
Տարուան առաջին օրը մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները կը հրաւիրենք Անթիլիաս՝ աղօթքով սկսելու համար իրենց նոր տարին եւ գոհաբանութիւն յայտնելու Աստուծոյ 2017 տարուան պարգեւին համար:
 
Յայտնենք նաեւ.-
 
Ա.- Ամանորի կէս գիշերին Վեհափառ Հայրապետին նոր տարուայ պատգամը կրնաք դիտել Կաթողիկոսարանի կայք-էջէն:
Բ.- Նոր տարուան առաջին օրը Վեհափառ Հայրապետին նոր տարուայ յատուկ հարցազրոյցին կրնաք հետեւիլ «OTV»-ի հայկական լուրերու բաժնէն:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
 

More News