News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՔԻ ԻՍԼԱՄ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԷՆ ՇԷՅԽ ԵՈՒՍԷՖ ԱԼ-ՆԱՍԻՐԻՆ

29 December 2016

 

Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի իսլամ ղեկավարներէն, Իսլամ Կրօնաւորներու Խորհուրդին Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Շէյխ Եուսէֆ Ալ-Նասիրին, ընկերակցութեամբ Արաբական Իսլամական Համախմբումի Դիմադրութիւն Զօրակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար Տոքթ. Եահեա Ղատարիի։

 

            Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ վերարժեւորումի ենթարկելու Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութիւնը Միջին արեւելքէն ու յատկապէս Իրաքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց միջ-կրօնական գործակցութեան հրամայականը՝ այս ծիրէն ներս, յիշելով շուրջ շաբաթ մը առաջ Թեհրանի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Իրանի իսլամական Հանրապետութեան միջեւ տեղի ունեցած Երկխօսութեան 7-րդ համագումարը։ Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ նշելով թէ, քրիստոնէութեան ու իսլամութեան միջեւ հասարակաց սկզբունքներ ու մտահոգութիւններ բազմաթիւ են՝ ընդգծեց այդ ուղղութեամբ միացեալ մօտեցումներ ու կեցուածքներ որդեգրելու կարեւորութիւնը։