23 December, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻ

Հրաւէրով Թեհրանի Առաջնորրդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, միջ-եկեղեցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, մասնակցութեամբ Իրանի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան:

            Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութիւնը, իր դրական ու մտահոգիչ երեսներով եւ շեշտեց միջ-քրիստոնէական գործակցութեան հրամայականը ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց: Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու այս ծիրէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ շարունակուող Աստուածաբանական երկխօսութեան:

            Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով յիշեալ երկխօսութեան ներկայ եօթներորդ Հանդիպումի ընդհանուր թեմային «կրօն եւ բռնութիւն», յայտնեց, որ իսլամութիւն եւ քրիստոնէութիւն միացեալ նոյն կեցուածքը ունին բոլոր տեսակի բռնութիւններու նկատմամբ. «ոեւէ կրօն արդարութեան վրայ հիմնուած ռահվիրայ է, հետեւաբար մարդիկ իրաւունք չունին կրօնը չարաշահելու իրենց քաղաքական նպատակներուն կամ բռնարարգներու» ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը:

            Իր կարգին Սեպուհ Սրբազան յայտնեց, թէ մտածում մը գոյութիւն ունի Իրանի քրիստոնեայ համայնքներու մօտ, միջ-եկեղեցական գործակցութեան խորհուրդ մը յառաջացնեն: 
            Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով նման գաղափար մը թելադրեց զայն ուսումնասիրել իր զանազան երեսներով գործնական քայլի մը դիմելէ առաջ: Միաժամանակ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Թեհրանի Հայոց Առաջնորդարանի ու Առաջնորդ Սրբազանին առաջնորդութեամբ երկրէն ներս շարունակուող միջ-եկեղեցական գործակցութեան:

            Ապա Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ ներկայ հոգեւոր պետերու կողմէ արծարծուած կարգ մը մտահոգութիւններու ու լուսաբանութեան կարօտ կէտերու շուրջ: Հանդիպման աւարտին ներկաները ճաշի հիւրը եղան Ազգային Առաջնորդարանին:

 

More News