17 Դեկտեմբերի, 2016

«ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԻՐ ՏՈՒՆԷՆ ԱՌԱՋ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒՆԸ ՇԻՆԵՑ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իրեն առընթերակայ ունենալով Ատրպատականի Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանն ու Թեհրանի Թեմի առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը:

Բազմահարիւր հաւատացեալներու կողքին արարողութեան ներկայ էին նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Պատգամաւորական Ժողովի ատենապետն ու Թեմական Խորհրդի ներկայացուցիչները եւ շրջանի մարմիններու ներկայացուցիչները։

Իրանի Հայոց երեք Թեմերու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին անունով խօսք առաւ Թեհրանի Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որ իրանահայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, իր կատարած հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան առիթով:

Նորին Սրբութիւնը, իր պատգամի սկզբնաւորութեան, բարձր գնահատեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան շրջաններէն ներս ծառայող առաջնորդ սրբազանները, հոգեւորականաց դասը, ինչպէս նաեւ շրջաններէն ներս գործող ազգային բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները:

Վեհափառ Հայրապետի քարոզին բնաբանն էր Պօղոս Առաքեալի նամակներէն քաղուած «Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած Քրիստոնեաներ ենք: Աղօթեցէք որպէսզի ձեզմէ հեռու մնայ չարը» ոսկեայ համարը: Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Առաքեալի խօսքը կապելով մեր առօրեայ իրականութեան, խօսեցաւ աղօթելու անհրաժեշտութեան եւ բարիով մեր կեանքը լեցնելու կոչումին մասին, յիշեցնելով, թէ «մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին զանազան առիթներով շեշտեց աղօթքին կարեւորութեան մասին: Պօղոս առաքեալ իր կարգին երկնաւոր վարդապետին շեշտած այս խորհուրդը իր նամակներուն ճամբով վերյիշեցուց Քրիստոնէութեան դաշտ նոր մուտք գործող բազմութեան: Աստուծոյ մօտենալու եւ զԱստուած ճանչնալու ամենէն ուղիղ ճամբան աղօթքն է: Եթէ չաղօթենք Աստուած հեռու կը մնայ մեր կեանքէն: Աղօթքի ճամբով Աստուած ուղղութիւն կու տայ մեր կեանքին»: Իր պատգամին ընդմէջէն Վեհափառ Հայրապետը հրաւէր կարդաց մեր ժողովուրդին համախմբուելու Եկեղեցւոյ շուրջ, ըսելով. «մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին իր տունէն առաջ Աստուծոյ տունը շինեց: Ահա թէ ինչու մեր ժողովուրդին համար Եկեղեցին դարձաւ նախապատիւ տուն, հոգեւոր ու ազգային վերանորոգութեան անզուգական ծննդավայր, ու մեր ազգը դէպի յաւերժութիւն տանող լոյս ճանապարհ: Եկեղեցաշինութիւնը մեր ազգային ինքնութեան մաս կը կազմէ: Գմբէթ բարձրացնելով կամ Աստուծոյ տաճարը նորոգելով մենք կը բարձրացնենք մեր հոգին առ Աստուած եւ կը նորոգենք մեր հոգեիմացական կեանքը»:

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը աւարտեց կոչ ուղղելով՝ առաւել աղօթելու, աւելի հաւատալու եւ բազում բարիք գործելու, որպէսզի մեծապէս պայծառակերպուի ու ծաղկազարդի մեր Եկեղեցին եւ մեր ժողովուրդը:

Յաւարտ Ս. եւ Անմահ պատարագին Եկեղեցական խորհուրդը սիրոյ սեղանով պատուեց Նորին Սրբութիւն. սիրոյ սեղանին մասնակից դարձան նաեւ Վեհափառ Հայրապետի շքախումբը, Թեմական առաջնորդները եւ զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

 

More News