15 December, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն

Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Թեհրանի Հայոց Թեմի նորընտիր պատգամաւորական ժողովին, ուր ներկայ էին նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի կրօնական եւ թեմական խորհուրդներն ու հաշուեքննիչ մամնի յանձնախումբը:

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելով ժողովականներուն ըսաւ. «Եկեղեցին իր էութեամբ համակ առաքելութիւն է, ժողովուրդի կեանքին մէջ ծառայութեամբ կենսագործուող եւ պատմութիւնը վկայ է, թէ մեր Եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ տիրական եւ ծառայական ներկայութիւն դարձած է»: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Մարմիններուն տարած աշխատանքը շրջանէն ներս ու քաջալերեց զանոնք առաւել եւս անշահախնդրօրէն նուիրուելու Հայ ժողովուրդի ծառայութեան:

Աւարտին ժողովականներ հարցումներ ուղղեցին Վեհափառ Հայրապետին սուրիահայութեան, Սիսի Կաթողիկոսութեան դատին եւ համահայկական բնոյթ ունեցող զանազան հարցերու մասին:

More News