15 December, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 7-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն

 

Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին սկիզբ առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն կատարած այցի առաջին օրը:

Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը ընկերակցութեամբ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի, Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ իր շքախումբի անդամներուն, այցելեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Հաղորդակցութեան կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ կազմակերպութեան նախագահ՝ Դոկտ. Ապուզար Իպրահիմիի, Կրօնքներու երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնի նախագահ՝ Դոկտ. Մուհամմէտ Մեհտի Թասխիրիի եւ պետական զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Վեհափառ Հայրապետը Մշակոյթի եւ Հաղորդակցութեան կազմակերպութեան «Հուսէյնիէ Ալ Զահրա» դահլիճին մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան   7-րդ համագումարին, որ կը կրէ «Տարածաշրջանին մէջ ծայրայեղութեան ու բրտութեան կանխարգելման գծով կրօնական բարոյագիտութեան եւ բանականութեան դերը» խորագիրը:

Նորին Սրբութիւնը իր բացման խօսքին մէջ յիշեց, թէ կրօնքներու միջեւ երխօսութիւնը անմիջական պէտք մըն է, աւելի համերաշխ ու առողջ ընկերութիւն մը ունենալու համար: Վեհափառ Հայրապետը յիշեց նաեւ, թէ. «այս փոքր աշխարհին մէջ չենք կրնար ապրիլ առանց փոխ-յարաբերութեանց ու փոխադարձ յարգանքի: Որպէսզի կարենանք ապրիլ, գործել եւ յառաջդիմել միասնաբար, փոխադարձ հասկացողութիւնը կը նկատենք կենսական»:

Յայտնենք, որ սոյն համագումարը պիտի տարածուի երկու օրերու վրայ:

More News