12 December, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԹԵՀՐԱՆ

 
 
Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Թեհրան, Իրան։
Շուրջ շաբաթ մը Վեհափառ Հայրապետը պիտի մնայ Թեհրան ուր պիտի նախագահէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի պետութեան միջ-կրօնական ու Մշակութային Միջազգային Յարաբերութեանց բաժանմունքի հետ տեղի ունենալիք Կրօնական Երկխօսութեան՝ Բռնութիւն եւ Կրօն թեմային շուրջ, հանդիպումներ պիտի ունենայ համայնքային ու պետական պատասխանատուներուն հետ եւ պիտի նախագահէ թեմական ու համայնքային, կրօնական ու ազգային ձեռնարկներուն։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը Թեհրանէն պիտի մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ուր պիտի նախագահէ եկեղեցական արարողութիւններուն։
Սոյն այցելութիւններուն, Նորին Սրբութեան պիտի ընկերանան, Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Սպահանի Թեմի Գերշ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան, Իրանի հայութեան Պետական 2 Երեսփոխաններ, իսկ Լիբանանէն Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանան Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Լիբանանի Պետական Համալսարանի դասախօս Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան-Գապաքեան եւ Սուրիահայ Երեսփոխան Պրն. Ժիրայր Րէյիսեան։

More News