4 Դեկտեմբերի, 2016

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՅԱՐԳԱՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, յատուկ յարգանք մատուցուեցաւ ազգային բարերարներուն՝ Միհրան, Զապէլ, Հաուըրտ եւ Լէյլա Գարակէօզեաններուն։

 

          Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագին Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Այնուհետեւ Վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիսաւորապէս յարգանք մատուցուեցաւ վերոյիշեալ բարերարներուն՝ ներկայութեամբ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ պաշտօնէութեան։

 

          Առաջին հերթին, յանուն Գարակէօզեան մարդասիրական ու բարեսիրական հաստատութեան խօսք առաւ Տիար Ժան Սալմանեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այս հաստատութեան կարեւորութեան եւ ազգին բերած իր մեծ նպաստին ու ծառայութեան մասին։

 

          Ապա, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան իր կարգին գնահատանքով անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ Գարակէօզեան հաստատութեան կատարած բարեսիրական ծառայութեանց, յատկապէս երկրէն ներս ստեղծուած այս դժուարին պայմաններուն մէջ։

 

          Իր փակման խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Գարակէօզեան հիմնարկին կատարած մարդասիրական ծառայութիւնները՝ Հայաստանի, Սուրիոյ, Լիբանանի մէջ կամ այլուր։ Ան յայտնեց, որ ինք ճանչցած է բարերարուհի Օրդ. Լէյլա Գարակէօզեանը եւ իր մէջ տեսած ազնիւ ու համեստ հայուհին, որ իր ողջ անձը, իր ընտանիքին օրինակով, նուիրած է մարդասիրական ծառայութեանց։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Երջնկյ. Խորէն Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ Օրդ. Լէյլա Գարակէօզեանի նիւթական աջակցութեամբ իրագործուած Լէյլաւանի (Ֆանար) ժողովրդային տուներու շինութեան։ Ան իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ ճշմարիտ բարերարը այն անձն է, որ հեռու կը մնայ ամէն տեսակ լուսարձակներէ ու հաշիւներէ, ինչպէս նաեւ պահանջներէ, եւ ազգին,  եկեղեցիին ու հայրենիքին հանդէպ կատարած իր ծառայութիւնը կը նկատէիր կեանքին իմաստը ու ճանապարհը։

          Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը անգամ մը եւս յայտնեց բոլոր բարեսիրական միութիւններուն, յիշեցնելով որ անհրաժեշտ է նոյն եւ առաւել թափով շարունակել մեր ազգանուէր ու եկեղեցանուէր առաքելութիւնը եւ սրբազան ծառայութիւնը։

More News