17 Ապրիլի, 2013

Կաթողիկոսարանի եւ Համազգայինի հրատարակչատուներու մասնակցութիւնը Լոնտոնի գիրքերու փառատօնին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Համազգայինի Վահէ Սէթեան Հրատարակչատուները 15-17 Ապրիլ 2013ին մասնակցեցան Լոնտոնի միջազգային գիրքերու փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Earls Court Conference Centre-ի մէջ, բրիտանահայ համայնքի պատասխանատուներու ճիգերով։ Զոյգ հրատարակչատուները ներկայացուցին Տեարք Խաչիկ Տէտէեան եւ Յակոբ Հաւաթեան։ Նշենք թէ սոյն տաղաւարին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի կարգ մը հրատարակչատուները։

 

Այս տարուան փառատօնը լուսարձակի տակ կը բերէր Թուրքիան ու անոր հրատարակչական աճող դերը։ Այդ իմաստով յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր հայկական տաղաւարին ստեղծումը եւ մասնակցութիւնը սոյն փառատօնին։ Տաղաւարին մէջ ցուցադրուեցան հայ մշակոյթի, եկեղեցւոյ, պատմութեան ու հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած առաւելաբար օտարալեզու հատորներ, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան գրականութեան նմոյշներ։

 

Հայկական Տաղաւարը իր շուրջ հրաւիրեց մեծ թիւով հետաքրքիր հայ թէ օտար այցելուներ։ Հայոց ցեղասպանութեան 98 ամեակի  նախօրեակին, թրքական եւ նաեւ ատրպէյճանական տաղաւարներուն մօտ, հայկական մասնակցութիւնը առիթ մը եղաւ վերահաստատելու հայութեան տեղն ու դերը միջազգային հրատարակչական բնագաւառէն ներս։

 

Ցուցահանդէսը անգամ մը եւս փաստեց որ գիրքը կը շարունակէ մնալ հզօր զէնք մը՝ մշակոյթի պահպանման ու տարածման մէջ։

More News