23 November, 2016

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի առիթով «Քազինօ տիւ Լիպան»ի մէջ, Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբի ելոյթը՝ ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանի։

Բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ Տիար Գրիգոր Հաշէօլեան, որ յայտնեց, թէ այս ելոյթը իր բնոյթով եւ գեղարուեստական արժէքով եզակի է եւ աննախադէպ, որովհետեւ երգչախումբը ունի միջազգային վաստակ, իսկ շարժառիթը Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան ու օծման 20-ամեակն է։

Խօսելով Վեհափառ Հայրապետի ծառայութեան մասին՝ ան յայտնեց, որ Նորին Սրբութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրաւ ծառայելու եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու մեր ժողովուրդի արդար դատի եւ իրաւունքներու վերատիրացման։ Ծառայութիւն մը, որ հիմնուած է անշահախնդիր նուիրումի եւ եկեղեցանուէր շինարար գործունէութեան վրայ։ Ան աւելցուց նաեւ, որ այս առիթը միջոց մըն է ամրապնդելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։ Ան մաղթեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի 20-ամեակը հանդիսանայ ոգեւորիչ շարժառիթ մը՝ միասնաբար շարունակելու հայ ժողովուրդի ճանապարհը լուսաւոր պահող եւ դէպի լոյս առաջնորդող սրբազան ազգային երթը։

Ազգային Առաջնորդարանի անունով խօսք առաւ Տիար Տիգրան Ճինպաշեան՝ յայտնելով, որ եթէ խօսելու ըլլանք Արամ Ա. Կաթողիկոսի իրագործումներուն մասին, տրամադրուած ժամանակին տասնապատիկը պէտք է տրամադրենք եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան գործունէութեան ու մտաւորական վաստակին։ Ան լուսարձակի տակ առաւ միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ունեցած ներդրումին՝ աւելցնելով, որ քրիստոնէական աշխարհին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսը յարգանք ու ակնածանք վայելող աստուածաբան գիտնական մըն է։

Ան յայտնեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի առանձնայատուկ հետաքրքրութեան առարկայ են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները՝ յատկապէս ժողովրդավարութեան ամրապնդումը, բարգաւաճումը եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ բնակող մեր ժողովուրդի զաւակներուն նիւթական բարօրութիւնը։

Ճինպաշեան ըսաւ, Նորին Սրբութեան համար ազգային պահանջատիրութեան մնայուն կարգախօսը չմնաց խօսքի սահմաններուն մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հայ ազգի անժամանցելի իրաւունքներուն համար պայքարը փոխադրեց միջազգային կառոյցներու ու պետութիւններու կողմէ ճանաչման հարթակէն դէպի միջազգային իրաւական դաշտ՝ 100-ամեակի նշումներուն տալով պահանջատիրական յստակ գունաւորում՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի սեփականատիրութեան համար դատական հայցով։

Ան նշեց, որ շինարարական աշխատանքը չանտեսուեցաւ Նորին Սրբութեան կողմէ եւ իբրեւ օրինակներ նշեց Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վերանորոգումը, ինչպէս նաեւ Ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու նուիրուած թանգարանը։

«Տագնապներու դիմաց Վեհափառ Հայրապետը կ’արձագանգէ արագ, ազդու ու գործնական եղանակով», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Նորին Սրբութիւնը աներեր կանգնեցաւ սուրիահայութեան կողքին։

«Հայ ժողովուրդը կաթողիկոսներուն տուած է վեհափառ տիտղոսը, որ ի սկզբանէ սահմանուած էր հայոց արքաներուն։ Տիտղոսը չէ, որ կը փառաւորէ մարդը. պաշտօնը կատարելու եղանակն է, ինչպէս Վեհափառ Հայրապետը կը սիրէ կրկնել, ծառայական կերպն է ղեկավարման, միաժամանակ տէր ու ծառայ ըլլալու վարքագիծն է, որ տիտղոսին կու տայ իր իսկական իմաստը» եզրափակեց Ճինպաշեան։

Այս առիթով Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան անունով անգլերէնով խօսք առաւ նաեւ Դոկտ. Հիլտա Պայրամեան։ Ան մտաբերեց ժողովրդային այն խօսքը, որ կ’ըսէ թէ երաժշտութիւնը կը միախմբէ եւ կը միացնէ մարդիկ, տաղանդներ ու հոգիներ, յիշեցնելով, որ այս երեկոյ երաժշտութիւնը Լիբանանէն, Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Բրիտանիայէն եւ բազմաթիւ այլ երկիրներէ մարդիկ միախմբած է եւ տաղանդները միացուցած անձնաւորութեան մը շուրջ, որ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած է պատմութիւն կերտող դերակատարութիւն։ Ան յայտնեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս իւրայատուկ, միջազգային կշիռ ունեցող եւ նկատառելի իրագործումներու տէր անձնաւորութիւն մըն է։

Ապա ելոյթ ունեցաւ 84 անդամներէ բաղկացած Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբը, որ երկու բաժինով ներկայացուց Կանաչեանէն, Չուխաճեանէն, Կոմիտասէն, Վերտիէն, Կերշուինէն, Կունոյէն եւ Եկմալեանէն երաժշտական կտորներ։ Ելոյթին բացումը կատարուեցաւ «Կիլիկիա»ով, իսկ փակումը՝ Հայրապետական մաղթերգով՝ արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին ու յոտընկայս ծափահարութեան։

Երաժշտական վայելքի աւարտին բեմ բարձրացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ հայ երգը այնքան զօրեղ է եւ հնչեղ, որ անոր դիմաց որեւէ խօսք կը մնայ ստուերի մէջ, որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ։ Ան աւելցուց. «Հայ երգը մեր ժողովուրդին ներքին ապրումներուն, տագնապներուն, պոռթկումներուն ու երազներուն մէկ հարազատ արտայայտութիւնն է եւ առանց անոր մեր ժողովուրդին կեանքը պիտի ցամքի։ Երգի ճամբով է, որ Կոմիտասներն ու Կանաչեանները պիտի մնան կենդանի մեր կեանքէն ներս»։

Խօսելով Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբի խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի մասին՝ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ ան համակ շարժում ու կեանք է եւ կ’ապրի հայ երգով ու տեսանք, թէ ան ինչպէս իր մէջէն կը պոռթկար ու կը ճառագայթէր մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի ապրումները, ձգտումները, երազներն ու տագնապները։

Վեհափառ Հայրապետը, շնորհակալութիւն յայտնելով Ազգային Առաջնորդարանի այս նախաձեռնութեան համար, շեշտեց. «Այս ձեռնարկով զիս չէ, որ կը պատուէք։ Անձերը միջոց են եւ ոչ նպատակ։ Անձերը կան ապրելու, գործելու, ծառայելու իրենցմէ վեր ու վեհ նպատակներու։ Աթոռակալը կոչուած է աթոռը բարձրացնելու, աթոռին որակ, արժէք, մեծութիւն տալու»։ Ան ապա վստահեցուց, որ պիտի շարունակէ ծառայել հայ ազգի ու հայրենիքի գերագոյն ու ընդհանրական շահերու եւ ձգտումներու իրականացման։

Իր խօսքի աւարտին՝ Նորին Սրբութիւնը մայէսթրօ Չէքիճեանը պատուեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով՝ յայտնելով, որ ան արժանի է բոլոր շքանշաններուն։

Նշենք, որ ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու ներկայացուցիչները, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, հայկական երեք քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, նախկին եւ ներկայ երեսփոխաններ, պատկան միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ մեծաթիւ ազգայիններ։

More News