29 October, 2016

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԱՆԿԼԻԳԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) եւ Անկլիգան եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը, 24-29 Հոկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, գումարեց իր 5-րդ հանդիպումը։ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու ջանքերով եւ փոխ-հասկացողութեամբ, ժողովը խմբագրեց «Ս. Հոգւոյ բնութիւնը եւ գործերը» վերնագրով աստուածաբանական կարեւոր վաւերաթուղթ մը։
 
 
Աստուածաբանական քննարկումներու առընթեր, իւրաքանչիւր մասնակից ներկայացուց իր եկեղեցւոյ ծրագիրները, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Ապա, անոնք 6-րդ հանդիպումի օրակարգը քննարկեցին, որ պիտի ընդգրկէ «Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը» նիւթը։ Յառաջիկայ ժողովը որոշուեցաւ գումարել 23-28 Հոկտեմբեր 2017-ին, Տապլընի մէջ։
 
 
Հինգշաբթի, 27 Հոտկեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, ժողովականները առիթ ունեցան այցելելու Լիբանանի կարգ մը ուխտավայրերը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը, ուր իրազեկ դարձան Հայոց Ցեղասպանութեան եւ «Թռչնոց Բոյն» Որբանոցի պատմութեան: Թանգարանի այցելութեան աւարտին, զօրակցութեան իբրեւ ազնիւ արտայայտութիւն, Անկլիգան Եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութեան պետ՝ Կրէկորի Եպս. աղօթեց աշխարհի խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատման համար: Պտոյտի աւարտին, ժողովականները սիրոյ սեղանի շուրջ առիթ ունեցան իրարու աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ մտերիմ կապեր հաստատելու:
 
 
Ժողովի աւարտին, յանձնախումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ ժողովը հիւրընկալելուն համար եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ կատարեց ժողովին բացումը եւ իր խօսքը արտասանեց։ Ժողովը որպէս ուղղեցոյց ընդունեց Նորին Սրբութեան խօսքերը, որ եկեղեցիներու մեր ընտանիքը պիտի շարունակէ իր այս երկխօսութիւնը, հակառակ մեր միջեւ առկայ դժուարութեանց ու տարբերութեանց։ Ժողովը նաեւ, իր զօրակցութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն եւ աղօթք բարձրացուց աշխարհի խաղաղութեան համար։

More News