23 October, 2016

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տուած հայրապետական այցելութեան վերադարձին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Վեհարանի դահլիճին մէջ։
 
 
Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր միաբաններուն, որոնք իրենց պաշտօններն ու պարտականութիւնները կը կատարեն բծախնդրութեամբ եւ իրենց ներդրումը կը բերեն Կաթողիկոսարանի առաքելութեան։ Ան նաեւ անդրադարձաւ այս այցելութեան տարբեր երեսներուն եւ շեշտեց, որ մեր ժողովուրդը մեծ ակնածանքով կը նայի մեր Ս. Աթոռին եւ մեծ սպասում ունի մեր տարած եկեղեցական-ազգային հաւաքական առաքելութենէն։
 
 
Ապա, հայրապետական այցելութեան Նորին Սրբութեան իբր գաւազանակիր ընկերացած Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան մանրամասնօրէն խօսեցաւ այցելութեան մասին եւ իր փորձառութիւնը կիսեց միաբան հայրերուն հետ։ Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ մեր ժողովուրդը մեզ կը ճանչնայ մեր գործունէութեան ընդմէջէն, հետեւաբար այն ինչ որ կը կատարենք թէ՛ Մայրավանքէն եւ թէ՛ թեմերէն ներս մեր հայելին է։ Ան նաեւ անդրադարձաւ մեր ժողովուրդին ամուր կապուածութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին եւ առաքելութեան։
 
 
Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբը, Անթիլիասի մէջ պիտի գումարէ իր տարեկան ժողովը, 24-29 Հոկտեմբեր 2016-ին։ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան զեկոյց տուաւ տեղի ունենալիք ժողովին եւ օրակարգերուն մասին։