11 Հոկտեմբերի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի կազմակերպութեամբ, 9 Հոկտեմբեր 2016-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, նշուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակը՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Հայոց Հայրապետը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն եւ պաշտօնական ընթրիք։

20-ամեակի նշումին առընթեր, Նիւ Ճըրզի կեցութեան կարճ շրջանին, Նորին Սրբութիւնը եկեղեցական, քաղաքական եւ թեմական հանդիպումներ ունեցաւ։ Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Նորին Սրբութեան այցելեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի անդամ եւ Նիւ Ճըրզիի 5-րդ շրջանը ներկայացնող Սքոթ Կարրէթ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ ընդունեց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը, շրջանէն ներս ապրող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարերարներ ու բարեկամներ, ինչպէս նաեւ Թեմի զանազան շրջաններէ ժամանած պատուիրակութիւններ։ Նշենք, որ բոլոր հանդիպումներուն Վեհափառ Հայրապետի կողքին ներկայ էր Ա.Մ. Նահանգներու Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան։

Արուեստագէտ Տիար Ռուտիկ Պետրոսեան իր պատրաստած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն նուիրուած իւղանկար սրբապատկերը նուիրեց Նորին Սրբութեան։

More News