24 Ապրիլի, 2013

Թուրքիայէն կը պահանջենք վերադարձնել հայկական բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան կալուածները

2015-ին հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի ամբողջ տարածքին, պիտի նշէ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

 

1915-իցեղասպանութեանը զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր, աքսորի ճամբուն վրայ վերապրած հայերը ապաստան գտան Արեւելեան Հայաստանի՝ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ ու աշխարհի տարբեր պետութիւններու մօտ:

 

Անհատական սեփական կալուածներու կորուստին կողքին, Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ այլ շրջաններու մէջ ապրող հայութիւնը կորսնցուց նաեւ եկեղեցապատկան կալուածներ՝ եկեղեցիներ, սրբատեղիներ, վանքեր, կրօնական, կրթական եւ բարեսիրական կեդրոններ, մշակութային ու կրօնական մեծ արժէք ունեցող իրեր՝ խաչքարեր, ձեռագիրներ, սրբանկարներ, եւայլն: Ցեղասպանութեան ենթարկուած ու բռնի միջոցներով տեղահանուած հայ ժողովուրդին պատկանող բոլոր կալուածները սեփականացուեցան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ՝ “լքեալ կալուածներ” անունին տակ:

 

Ցեղասպանութենէն 98 տարիներ ետք, Թուրքիոյ ներկայ պետութիւնը, որպէս իրաւայաջորդը Օսմանեան կայսրութեան, ոչ միայն կը մերժէ ընդունիլ իր նախորդներուն ծրագրած ու գործադրած ցեղասպանութիւնը, այլ կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնը՝ բռնագրաւուած պահելով հայ ժողովուրդին կրօնական ու մշակութային արժէքները, եկեղեցապատկան կալուածներն ու իրերը:

ԱՊՐԻԼ 24, 2013

 

Հետեւաբար, կոչ կþուղղենք Թուրքիոյ պետութեան եւ կը պահանջենք.-

 

1)   Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում.

2)  Ամբողջական հատուցում հայ ժողովուրդի կրած կորուստներուն եւ մարդկային ու ազգային բռնագրաւուած իրաւունքներուն.

3)  Հայկական եկեղեցիներուն, վանքերուն ու եկեղեցապատկան կալուածներուն եւ հոգեւոր ու մշակութային արժէք ներկայացնող իրերուն անյապաղ վերադարձը հայ ժողովուրդին, որպէս անոնց իրաւատէրը:

 

Աղօթքով յիշելով հայոց ցեղասպանութեան զոհերը՝ կը դատապարտենք ամէն բռնարարք՝ ուղղուած աստուածապարգեւ կեանքի, մարդու արժանապատւութեան եւ մարդկութեան խաղաղ համակեցութեան դէմ, որովհետեւ “Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, այլ՝ խաղաղութեան” (Ա. Կորնթ. 14,33), ու մարդիկը կը հրաւիրէ սիրոյ, համերաշխութեան եւ գործակցութեան:

 

Երախտագիտութեամբ կը յիշենք այն բոլոր ժողովուրդներն ու պետութիւնները, որոնք ցեղասպանութեան օրերուն ապաստան տուին տեղահանուած հայերուն եւ հոգատարութիւն ու եղբայրական սէր ցուցաբերեցին հայրենազրկուած ու տարագրուած հայերուն հանդէպ:

 

Հայ ժողովուրդը յաւէտ երախտապարտ պիտի մնայ նաեւ այն բոլոր պետութիւններուն, որոնք մարդասիրութեան եւ արդարութեան սկզբունքներով առաջնորդուած՝ դատապարտած են ու պաշտօնապէս ճանչցած հայոց ցեղասպանութիւնը:

 

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնենք միասնաբար իրականացնելու հայ ժողովուրդի պահանջները՝ յանուն արդարութեան եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Gotch-24-April-2013

Gotch-24-April-2013--

More News