9 Հոկտեմբերի, 2016

«Մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայութիւնը իմ կեանքիս “ամէն բանէ վերն է”» Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, գանատահայութիւնը՝ Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Թորոնթոյէն, Գէյմպրիճէն, Սէյնթ Գէթրինզէն ու Վանգուվըրէն, համախմբուած էր Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն ներս տօնախմբելու իր Հովուապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ծառայութեան 20-ամեակը։ Գանատայի Հայոց Թեմի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած ընթրիքին ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, Գանատայի մէջ Հայաստանի Դեսպան Տիար Արմէն Եկանեան, Կաթողիկոսարանի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներ, պատկան մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու աւելի քան 450 հայորդիներ։
 
 
 
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիար Մհեր Գարագաշեան, որ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին ունեցած ներդրումը հայ եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ փոխանցեց գանատահայութեան ջերմ բարեմաղթութիւնները։ «Այս տարեմուտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2016 տարին հռչակեց «Ծառայութեան Տարի»: Վերտառութիւն մը, որ բնորոշ է Վեհափառի ոճին ու գծած ճանապարհին: Իր պատգամին մէջ, Քրիստոս Աստուածորդին առնելով իբրեւ գերագոյն մարմնացում ծառայութեան, Արամ Կաթողիկոս կը մատնանշէ թէ «Ճշմարիտ ծառայութեան օրինակ դառնալով, Քրիստոս մարդոց թելադրեց ծառայութիւնը նկատելու իրենց կեանքին ուղեգիծը, Աստուծոյ մօտենալու վաւերական ճամբան»: Պարզ բայց միանգամայն խորունկ այս սահմանումը իր գահակալութեան առաջին իսկ օրէն բազմիցս կրկնած է Արամ Ա. Հայրապետը ու իր նախաձեռնած մեր եկեղեցւոյ բարենորոգումներուն ընդմէջէն՝ զայն վերածած յարաճուն գործընթացի մը» ըսաւ հանդիսավարը:
 
 
 
Օրուան բանախօսն էր Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ դերը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ՝ Էջմիածնէն Դուին եւ Անիէն Կիլիկիա։ Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակաշրջանին անդրադառնալով, «Տարագրեալ ժողովուրդին տարագրեալ Աթոռ»ին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առաւ։ Ան վերջապէս խօսեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի վերջին 20 տարիներու ընթացքին տարած եկեղեցական ու քաղաքական գործունէութեան՝ Սփիւռքի, Հայաստանի եւ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Ապա, ցուցադրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին նուիրուած «Հաւատքի առաքեալը» տեսերիզը, պատրաստուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական բաժանմունքին կողմէ։
 
 
 
Նորին Սրբութեան գահակալութեան 20-ամեակին իբր խորհրդանշան, 20 ազգայիններ վառեցին 20 մոմեր։ Ապա, խօսք առին ու իրենց բարեմաղթութիւնները ներկայացուցին Դեսպան Արմէն Եկանեանն ու Աբգար Սրբազանը։
 
 
 
Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր սրտի խօսքը արտասանեց, որուն ընթացքին ըսաւ. «Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օծումով բորբոքեցաւ սիրոյ կրակը իւրաքանչիւր հայու սրտի մէջ եւ հայ մարդը իր եկեղեցւոյ հաւատքով եւ իր ազգային տեսիլքներով գօտեպնդուած, վառ յոյսերով ու աննկուն կամքով վերանորոգեց հայօրէն ապրելու իր ուխտը։ Նոյն այդ հաւատացեալ ժողովուրդն է, որ այսօր երախտագիտութեան խոր զգացումներով տոգորուած, որդիաբար կու գայ վկայելու, թէ ան իրականացուցած է իր յոյսերն ու երազները։ Անոր հոգեւոր առաջնորդութեամբ, անոր կատարած մշակութային իրագործումներով, եկեղեցական ու ազգային գործունէութեամբ, հայ եկեղեցին եւ հայ կեանքը այսօր աւելի ճոխացած է ու հարստացած։ Իրմով, աշխարհի մէջ այսօր առաւել եւս մեծ պայծառութեամբ կը ճառագայթէ Հայ Եկեղեցին՝ օտար երկիրներու եւ եկեղեցիներու շարքին մէջ»։
 
 
Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ խնդրամատոյց եղաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շքանշաններով պատուէ Գանատայի մեր գաղութի զաւակներէն՝ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան՝ «Իշխան», Տիկիններ Անայիս Շիրինեան, Շաքէ Կէօնճեան, Անահիտ Մարգարեան եւ Տեարք Մանուկ Ջուխաճեան, Կարօ Փոստաճեան եւ Ալպէր Արոյեան՝ «Ասպետ», Բրշ. Մանուէլ Սրկ. Շէհիրեան ու Բրշ. Գրիգոր Սրկ. Նուպարեան, Վերապատուելի Մանուէլ Ճինպաշեան եւ Տիկ. Ալին Գութան՝ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», իսկ Տիկիններ Յասմիկ Գասպարեան եւ Պերթա Մինասեան-Հելլըրին ու Բրշ. Կարօ Սրկ. Թէլֆէեան ստացան Օրհնութեան գիրեր։
 
 
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգային Վարչութիւնը եւ բոլոր յանձնախումբերը, որոնց տքնաջան աշխատանքին իբր արդիւնք յաջողութեամբ պսակուեցաւ Հայրապետական այս այցելութիւնը։ Ան մէջբերելով Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի «Փառքն Աստուծոյ նախ խաչ է» խօսքը, անդրադարձաւ ծառայութեան խորհուրդին քրիստոնէական ընբռնումին, որ կ’անցնի Գողգոթայի ու խաչի ճանապարհով։ Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս ձեւով կ’ըմբռնէ ծառայութիւնը եւ ըսաւ. «Մեր Աթոռին մեծութիւնը, որակը, առաքելութիւնը եւ տեսիլքը ծառայութիւնը եղաւ։ Այս գիտակցութեամբ մեր նախորդները հայ ժողովուրդին ծառայեցին ու առաջնորդեցին դէպի յարութիւն՝ Անթիլիասը ոգեղէն իմաստով պայծառակերպուեցաւ եւ առաջնորդեց մեր ժողովուրդը մահուընէ դէպի կեանք»։ «Մեզի համար Անթիլիասը վայր մը չէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Անթիլիասի մէջ հաստատուած կեդրոն մը չէ, այլ հաւատքի առաքելութիւն է, որ ինքզինք կ’իրագործէ մեր ժողովուրդի ծառայութեան ընդմէջէն՝ եկեղեցին վաւերականօրէն ինքզինք կը դառնայ միայն մեր ժողովուրդին ծառայութեամբ։ Մեզի համար մեր եկեղեցւոյ պայծառութիւնը հիմնական մտահոգութիւն է, շէնքերը ո՛չ մէկ արժէք ունին եթէ զանոնք չշնչաւորենք յոյսով ու հաւատքով, ահաւասիկ ա՛յս է որ կը կատարէ Անթիլիասը» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։ Անդրադառնալով Հայրապետական տարիներու իր կեանքին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց. «Անցնող 20 տարիներու ընթացքին իմ կեանքիս ճանապարհը եղաւ անսակարկ ծառայութիւն։ Ես երբե՛ք չմտածեցի անձս բարձրացնել, այլ հետամուտ եղայ Աթոռը բարձրացնելու, ես անձս չպանծացուցի այլ՝ Աթոռը, ես անձս չծաղկեցուցի այլ՝ Կաթողիկոսութիւնը։ Մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայութիւնը իմ կեանքիս “ամէն բանէ վերն է”։ Սակայն, մենք միայն մեր ճիգերով չէ որ մեր ծառայութիւնը կատարեցինք, այլ Աստուած ի՛նք առաջնորդեց ու ամրապնդեց մեր հաւաքական հաւատքը, առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը»։
 
 
 
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ»ով օրհնեց ժողովուրդը եւ ապա, երգուեցան «Կիլիկիա» ու Հայրապետական մաղթերգը։

More News