7 Հոկտեմբերի, 2016

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ՃԱՇ ՏՈՒԱՒ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

7 Հոկտեմբեր 2016-ին, Գանատայի մէջ Լիբանանի Ընդհանուր Հիւպատոս Տիար Ֆատի Զիատէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ ճաշկերոյթ մը տուաւ։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Կաթողիկոսարանի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Գանատայի Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի հերթապահ Տիար Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։ Ներկայ էին նաեւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Ալեքսանտր Մուֆարժի Եպիսկոպոս, Մոնթրէալի Մարոնիթ Ս. Անտոն վանքի վանահայր Հայր Ժան Տահտուհ եւ Մոնթրէալի Լիբանանի համայնքի պատասխանատուներ։
 
 
 
Դեսպանը բարի գալուստ մաղթեց եւ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը օրհնաբեր նկատեց։ Ան դրուատեց Լիբանանի հայ համայնքը եւ լիբանանեան ընկերութեան բերած ներդրումը շահեկան նկատեց։ Նորին Սրբութիւնը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին համար։ Խօսելով Լիբանանի մասին Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդին համար Լիբանանը վերազարթօնքի խորհրդանիշ է։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Լիբանանի նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան կարեւորութեան, Լիբանան-Սփիւռք համագործակցութեան անհրաժեշտութեան եւ քաջալերեց Մոնթրէալի մեր Առաջնորդարանին ու համայնքին համագործակցութիւնը Լիբանանի հիւպատոսարանին ու Մոնթրէալի մէջ հաստատուած լիբանանեան զանազան համայնքներուն հետ։ Խօսքի աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս յուշանուէր մը յանձնեց Հիւպատոս Ֆատի Զիատէին։
 
 
 
Ճաշէն ետք, Նորին Սրբութիւնը եւ իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Մոնթրէալի Մարոնիթ համայնքի Ս. Անտոն վանքը, ուր դիմաւորուեցաւ վանահայր Հայր Ժան Տահտուհի կողմէ։ Վանքի մէջ շրջագայելէ ու ծանօթանալէ ետք անոր զանազան բաժանմունքներուն եւ առաքելութեան Հայր Տահտուհ լիբանանցի սուրբերու մասունքները պարունակող մասնատուփ մը նուիրեց Վեհափառ Հայրապետին։ Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ Վանքի ոսկեմատեանին մէջ արձանագրութիւն կատարեց, ինչպէս նաեւ հարցազրոյց մը տուաւ լիբանանեան «Թելէ Լիւմիէր» կրօնական հեռատեսիլի կայանին հետ։
 

More News