7 October, 2016

ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ

Գանատայի Հայոց Թեմի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Մոնթրէալ, տեղի ունեցաւ դասական երաժշտական բացառիկ ձեռնարկ, նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 20-ամեայ հայրապետական անսակարկ ծառայութեան։ Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ գանատահայ դասական երաժշտութեան աշխարհահռչակ մեկնաբան Ալին Գութան, որուն կ’ընկերակցէին համբաւաւոր դաշնակահար Մայքըլ Մըքմահըն եւ ջութակահար Վան Արմէնեան։
 
 
Համերգի բացման խօսքը կատարեց Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, որ ներկայացնելէ վերջ օրուան արուեստագէտները ըսաւ. «Վեհափառ Տէր, թոյլ տուէք, որ այսօրուայ համերգը իր ամբողջական արժէքով՝ տաղերով ու երգերով, որպէս փունջ մը ծաղիկ նուիրենք Ձեզի, մեր բոլորին կողմէ, որպէս սիրազեղ արտայայտութիւն Ձեր տարած 20-ամեայ անձնուրաց եւ անձնդիր ծառայութեան։ Մենք ձեզմով միայն ու միայն կրնանք հպարտ զգալ։ Ապահով զգալ եւ ապագայատեսիլ սպասումներով ու յոյսերով տոգորուիլ։ Մեր բոլորին փափաքն է, որ այս համերգի ընթացքին իւրաքանչիւր երգ դառնայ մաղթերգ, դառնայ տաղ ու աղօթք առ բարձրեալն Աստուած, որպէսզի Ձեզի շնորհէ երկարամեայ գահակալութիւն եւ մշտական յաջողութիւն»։
 
 
Ապա, Ալին Գութան իր հմայիչ ձայնով, հմուտ ձայնի խաղերով ու ելեւէջներով ներկայացուց հայ թէ օտար դասական երաժշտութեան վարպետներու գործերը եւ դիւթեց ներկաները։
 
 
Ձեռնարկի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը նախ գնահատեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանն ու Ազգային Վարչութիւնը այս գեղեցիկ ու բարձրորակ ձեռնարկին համար։ Ան մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ Ալին Գութանի երաժշտական արուեստին ու բացառիկ կարողութեանց մասին, ինչպէս նաեւ գնահատեց իրեն ընկերակցող երաժիշտները։ Նորին Սրբութիւնը ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով երաժշտութեան վերլուծումը կատարեց եւ ըսաւ. «Երաժշտութիւնը երկխօսութիւն է երկրի եւ երկնքի միջեւ։ Երաժշտութիւնը Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ հաղորդակցութեան միջոց է։ Հետեւաբար, երաժշտութիւնը սահման չունի։ Երաժշտութիւնը ժողովուրդի մը տառապանքներու եւ ուրախութեանց, ներքին տագնապներուն եւ ապրումներուն արտայայտութիւնն է։ Այս պատճառով Ալին Գութան բացառիկ կերպով մեկնաբանեց հայ երաժշտութիւնը եւ ապրեցաւ ու ապրեցուց»։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ ունեցած ներդրումին հայ երաժշտութեան զարգացման մէջ։ Վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս Ալին Գութանը նկատեց հայ երաժշտութեան ու արուեստի դեսպան, զինք որակելով իբր շնորհալի՝ բառին ամբողջական առումով։
 
 
Վեհափառ Հայրապետի խօսքէն ետք, աշխարհռչակ երգչուհին «Կիլիկիա»-ով փակեց յիշատակարժան երաժշտական երեկոն։
 

More News