6 Հոկտեմբերի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Գանատայի Հայոց Թեմի եւ Գանատայի Միջ-եկեղեցական Կեդրոնի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր, 2016-ի առաւօտուն, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական հանդիպում, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ հիւրընկալութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։ Հանդիպումին ներկայ էին եկեղեցական բարձրաստիճան հիւրեր՝ Գանատայի մէջ Պապական Նուիրակ Լուիճի Պոնազզի Եպիսկոպոս, Մոնթրէալի Արքեպիսկոպոս Քրիսթիան Լէբին, Քէպէքի Կաթոլիկ Եպիսկոպոսաց Ժողովի նախագահը, Գանատայի Օրթոտոքս եկեղեցիներու առաջնորդներ, Մոնթրէալի Անկլիգան եպիսկոպոսը, Գանատայի Աւետարանական Ընկերակցութեան նախագահը, Գանատայի Միջ-եկեղեցական Կեդրոնի պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, Ա.Մ. Նահանգներու եւ Գանատայի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապպարեան, Հայ Աւետարանական Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Վերպ. Յովհաննէս Սվաճեան, միաբան հայրեր եւ եկեղեցականներ։
 
 
Բացման խօսքը կատարեց Գանատայի Միջ-եկեղեցական Կեդրոնի պատասխանատու Տիկ. Ատրիան Պարա, իսկ Բաբգէն Սրբազան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր հիւրերուն։ Ապա, Տիկ. Պարա ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը եւ հրաւիրեց, որ իր մտածումները փոխանցէ խաղաղ համագոյակցութեան այժմէական նիւթին մասին։
 
 
Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը արտայայտեց միջ-եկեղեցական այս հաւաքին համար, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ գնահատեց Գանատայի Միջ-եկեղեցական Կեդրոնի ու Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը միջ-եկեղեցական շարժումին երախտիքներէն մին նկատեց տարբեր եկեղեցիներն ու զանազան ընկերութիւնները քով-քովի բերելը եւ յիշեցուց. «Մենք կը պատկանինք Քրիստոսի մէկ եկեղեցւոյ։ Միջ-եկեղեցական շարժումին միջոցաւ միասին ըլլալու գիտակցութիւնը պէտք է խորանայ մեր մէջ»։ Խաղաղ համագոյակցութեան անդրադառնալով Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Այսօր մենք կ’ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մէջ, ուր բաժանումի պատեր չկան այլեւս։ Այսօր, երկխօսութիւնը վերացական ըմբռնում չէ, այլ մաս կը կազմէ մեր առօրեայ կեանքին։ Մենք ո՛չ թէ միայն կը համագոյակցինք, այլ միասին կ’ապրինք։ Հետեւաբար, զանազանութեամբ կնքուած այսօրուան ընկերութեան մէջ, պէտք է յարգենք ուրիշներուն աւանդութիւններն ու ըմբռնումները, սակայն նաեւ պէտք է նկատի ունենանք ընկերութեան ընդհանրական սկզբունքներն ու արժէքները։ Պէտք է զգոյշ ըլլանք եւ չլուսանցքայնացնենք որեւէ կրօնական խմբաւորում` ընկերութեան մէջ բազմազանութիւնը սեպելով շահեկան երեւոյթ»։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ կո՛չ ուղղեց եկեղեցիներուն օգտակար դառնալու այս ուղղութեամբ՝ շեշտելով քրիստոնէութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս։
 
 
Նորին Սրբութեան տպաւորիչ վերլուծումներէն ետք, ներկաները խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ ինքնութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, գաղթականներու, ծայրայեղականութեան եւ զանազան այլ հարցերու շուրջ ուզեցին Վեհափառ Հայրապետին կարծիքը։
 
 
Միջ-եկեղեցական շահեկան այս հանդիպումի աւարտին, Սուրբ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթք։ Ապա, հիւրերը մասնակից դարձան ճաշի սիրոյ սեղանին։
 

More News