1 October, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՀԱԼԷՊԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Լոս Անճելոս ժամանած օրն իսկ, իմանալով Հալէպի մէջ վերջին օրերու ընթացքին թէժ կռիւներու իբր արդիւնք ստեղծուած ծանր կացութեան մասին, կապ հաստատեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին հետ եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ եղած զարգացումներուն։ Սրբազան Հայրը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հալէպի հայութեան դիմագրաւած դժուար իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահեց հայկական թաղերու վրայ եղած հրթիռակոծումներու պատճառով զոհ գացած նահատակներուն մասին։

 

            Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց զոհերու ընտանիքներուն եւ խրախուսեց Առաջնորդ Սրբազանն ու Հալէպի հայութիւնը։ Ան գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգային Իշխանութեան եւ հայկական թաղերու պաշտպանութեան նուիրուած տղոց անձնազոհողութիւնը։

More News