30 September, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆԻ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ե.Հ.Խ.-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

 

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն բաժանմունքի ենթայանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ, 17-21 Սեպտեմբեր, 2016-ին։ Եկեղեցական զանազան ընտանիքներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած ու 10 հոգիներէ կազմուած այս ենթայանձնախումբի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Վանա Կիցինեան, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։

 

            Ե.Հ.Խ.-ի գլխաւոր բաժանմունքներէն Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն բաժանմունքը իր ընդհանուր ժողովը պիտի գումարէ Թանզանիայի մէջ, Մարտ 2018-ին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շուրջ 700 հոգիներ։ Ենթայանձնախումբը 5 օրերու վրայ քննարկումներ կատարեց 2018-ի ընդհանուր ժողովի ընթացքին արծարծուելիք նիւթերուն շուրջ եւ ճշդեց անոր թեման։

More News