8 Սեպտեմբերի, 2016

«ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՃԸ ԼՈՒՐՋ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ Է ԴՐԱԾ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց Յորդանանի Թագաւորին
 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն հետ միասին, Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, հանդիպում ունեցան Յորդանանի Ապտալլա Բ. Թագաւորին հետ, Ալ Հիւսէյնիյա թագաւորական պալատին մէջ։ Կարճ հանդիպումէն ետք ներկաները ճաշի հիւրը եղան Յորդանանի Թագաւորին։ Ճաշկերոյթի սկիզբը խօսք առնելով, Ապտալլա Թագաւորը ողջունեց համաժողովին գումարումը Ամմանի մէջ եւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարեւորութեամբ ընդգծեց շրջանէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ Թագաւորի խօսքէն վերջ, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ հինգ պատրիարքներ, որոնք անդրադարձան յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու դժուարութիւններուն ու մանաւանդ արտագաղթին։
 
Խօսք առաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը եւ ըսաւ. «Ո՛չ միայն քրիստոնեայ համայնքները, այլ նաեւ Միջին Արեւելքը իր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանը կ’ապրի»։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադաձաւ երկու կէտերու. «Ա) Կրօններու եւ մշակոյթներու գոյակցութիւնը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց՝ նկատի ունենալով ծայրայեղական շարժումներու աճը եւ տարածումը՝ երեւոյթ մը, որ միայն Միջին Արեւելքին յատուկ չէ, այլ նաեւ արեւմտեան աշխարհին։ Բ) Ահաբեկչութիւնը դարձեալ միայն Միջին Արեւելքին առնչուած երեւոյթ մը չէ, այլ՝ համամարդկային։ Հետեւաբար, պետութիւններ, կրօններ ու ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ միացեալ ու հաւաքական ուժով պէտք է արմատախիլ ընեն այս չարիքը ընկերութեան կեանքէն ներս։ Յաճախ մենք ախտանշանները յաղթահարելու մասին կը մտածենք, մոռնալով անոնց տուն տուող պատճառները»։ Խօսքի եզրափակիչ բաժնին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Ամմանի մէջ երկու պատգամ կը փոխանցէ աշխարհին՝ ա) Քրիստոնէութիւնը կապուած կը մնայ Միջին Արեւելքին՝ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն եւ բ) Համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնը հարստացուցիչ երեւոյթ մըն է։
 
Յայտնենք, որ հոգեւոր պետերուն կողմէ արտասանուած խօսքերուն առանձնաբար պատասխանեց Ապտալլա Թագաւորը։
 
Օր մը առաջ, Յորդանանի Թագաւորին հօրեղբօր որդին՝ Իշխան Ղազի, ներկայ գտնուեցաւ Մ.Ա.Ե.Խ.-ի համաժողովին ներկայ գտնուող հոգեւոր պետերուն ու մասնակիցներուն ի պատիւ տրուած պաշտօնական ընթրիքին եւ իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, իր կարգին շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը։
 

More News