30 Օգոստոսի, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻՆ ՄԷՋ» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի նախաձեռնութեամբ, 25-26 Օգոստոս 2016-ին տեղի ունեցաւ «Հայկական աշխարհը համացանցին մէջ» գիտաժողովը, Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ: Գիտաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սոյն գիտաժողովին մասնակցեցաւ Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

 

Երկու օրերու վրայ երկարած գիտաժողովը կ’ընգրկէր գլխաւոր երեք թեմաներ. «Հայկական աշխարհը համացանցի գիտակրթական հարթակին վրայ», «Տեղեկատուական անվտանգութեան մարտահրաւէրները համացանցի մէջ» եւ «Սփիւռքը համացանցային հարթակին վրայ»։

 

«Սփիւռքը համացանցային հարթակին վրայ» խորագրով նիստի ընթացքին, Հայր Պետրոս ելոյթ ունեցաւ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը համացանցի ճամբով» նիւթով։ Ան ներկայացուց Կաթողիկոսութեան ունեցած գիտական հարուստ հիմքը, փորձառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը համացանցի մէջ հայկական ներկայութիւնը աշխուժացնելու եւ Կաթողիկոսարանին բերած մասնակցութիւնը այդ ուղղութեամբ տեղի ունեցած նախաձեռնութիւններուն։ Ան խօսեցաւ նաեւ Կաթողիկոսարանին եւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ նորարար դարաշրջանի մեզի տուած հաղորդակցութեան նոր միջոցներու գործածութեան փորձառութեան մասին։

 

Նիստերու աւարտին տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան եւ շինիչ քննարկումներ։ Առաջարկուեցաւ ստեղծել համակարգող մարմին մը, որ պիտի նպաստէ այս մարզին մէջ տարուող աշխատանքներու համակարգման:

More News