16 August, 2016

Նոր Հրատարակութիւն

Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքը հրատարակեց իր «Եկեղեցի Եւ Ժողովուրդ» Մատենաշարին 4-րդ գրքոյկը, որ կը կրէ` «Աստուածածին Մարիամ եւ Անոր Վերափոխման Խորհուրդը» խորագիրը: Գրքոյկին հեղինակն է Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։

Թող մեր երկնաւոր Մայրը իր Վերափոխման տօնին առիթով, իր սրբութեան ու բարութեան ցօղէն առատօրէն հեղու մեր ազգի զաւակներուն վրայ:

More News