15 Օգոստոսի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՏԻԱՐ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆԸ

 
 
Շաբաթ 13 Օգոստոս 2016-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի շքանշանով պատուեց Քուէյթի հայ գաղութի վերակազմաւորման ու եկեղեցաշինութեան աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած Տիար Անուշաւան Նազարեանը:
 
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամի ընթացքին գնահատեց Քուէյթէն ժամանած պատուիրակութիւնը, իրենց նուիրուածութեան ու եկեղեցաշինութեան սուրբ գործին համար, ըսելով. «Երանի՜ եկեղեցի շինողներուն, որովհետեւ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է. եկեղեցւոյ ճամբով մենք Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ կը մտնենք եւ եկեղեցւոյ ճամբով Աստուած կենդանի ներկայութիւն կը դառնայ մեր կեանքէն ներս: Ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդին առաջին գործը եղաւ եկեղեցի շինել, որպէսզի Աստուած ներկայ դառնայ մեր մէջ։ Մեր Սուրբ Աթոռը նոյն գիտակցութեամբ կը շարունակէ այս առաքելութիւնը Սփիւռքի գաղութներէն ներս, հաւատարիմ մնալով մեր նախնիներու աւանդին»:
 
Ապա, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց եկեղեցւոյ ունեցած դերը մեր հաւաքական ու համայնքային կեանքէն ներս, որպէս հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու պահպանման կեդրոն: Խօսելով Քուէյթի մեր համայնքին մէջ անցնող տարուան ընթացքին տեղի ունեցած եկեղեցաշինութեան Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ Տիար Անուշաւան Նազարեանը եկեղեցաշինութեան յանձնախումբի ատենապետ ըլլալու կողքին, նաեւ մղիչ ուժը եղաւ Քուէյթի մէջ հայկական նոր եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի մը շինութեան ծրագրին, բերելով իր բարոյական եւ նիւթական իշխանական մասնակցութիւնը։
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մի՛շտ բարձրօրէն կը գնահատէ եկեղեցի շինող, դպրոց կառուցող, մշակոյթ զարգացնող, համայնքային եւ բարեսիրական կեդրոններու նպաստողները։ Այս մղումով, Վեհափառ Հայրապետը հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեան «Իշխան»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիար Անուշաւան Նազարեանը։
 
 
 

More News