12 Օգոստոսի, 2016

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԿԸ ՍՏՆԱՆԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, այս տարի անգամ մը եւս Ս. Աստուածածին Վանքի մատրան մէջ ամէն առաւօտ ժամը 10:00ին տեղի ունեցաւ Ս. Գրոց սերտողութիւն եւ խորհրդածութիւն: Աղօթքի ու դասախօսական այս շարքը առաջնորդուեցաւ «Հետեւինք Աստուածամօր Ուղիին» նշանաբանով:
 
Դասախօսութիւնները եւ Ս. Գրոց սերտողութիւններն ու խորհրդածութիւնները կատարեցին Ս. Աթոռոյս միաբան հայրերը, որոնք վեր առնելով Ս. Աստուածամօր օրինակը, առաջնորդեցին մասնակից հաւատացեալները խնդրելու Ս. Կոյսին բարեխօսութիւնը:
 
Ս. Գրոց սերտողութեան վերջին օրը՝ Ուրբաթ 12 Օգոստոս 2016-ին, տեղի ունեցած հոգեւոր լսարանէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Աստուածածնայ Վանքի Վեհարան դահլիճին մէջ, ընդունեց աղօթքի շաբթուան իրենց մասնակցութիւնը բերած ուխտաւոր տիկինները եւ իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց՝ Ս. Աստուածածնին հանդէպ իրենց ունեցած ակնածանքին ու հաւատքի գիտակցութեան եւ Ս. Աստուածածնայ Վանքի նկատմամբ իրենց ունեցած կապուածութեան համար:
 
ԱՂԻ ԵՒ ԽՈՒՆԿԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՊԻՔԱՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
 
Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնի Ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, Ուրբաթ 12 Օգոստոս 2016-ի առաւօտեան ժամը 11:30ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աստուածածին Վանքի Նահատակաց խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ Աղօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու եւ ուխտաւոր հաւատացեալներու:
 
Աղօրհնէքի արարողութեան նախագահեց Գերշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան, որ մեր հայրապետներու աղօթքներով ու բարեպաշտ ժողովուրդի խոր հաւատքի գիտակցութեամբ կատարեց աղի եւ խունկի օրհնութիւնը:
 
Աստուածաշնչական եւ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն աղի եւ խունկի օրհնութենէն ետք Ս. Աստուածածնայ Ուխտի առիթով նուիրուած մատաղցու ոչխարները օրհնուեցան ու «մաքրուեցան» օրհնուած աղով՝ պատրաստուելու համար զենումի:
 
Աւարտին ներկայ հաւատացեալները իրենց հետ առին աղ եւ խունկ, Ս. Աստուածածնայ օրհնութիւնը տանելու համար իրենց տուները:
 
 

More News