8 August, 2016

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ԳՐՈՑ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Երկուշաբթի 8 Օգոստոս, 2016-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս սկսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Ս. Գրոց սերտողութիւնը։ Շուրջ հարիւր տիկիններ բարձրացան Ս. Աստուածածին Վանք եւ Ս. Աստուածածին մատրան մէջ աղօթքի, սաղմոսներու, շարականներու եւ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ մը ունեցան։ Ս. Գրոց սերտողութեան որպէս ընդհանուր թեմայ ընտրուած է՝ «Հետեւինք Աստուածամօր Կեանքի Ուղիին» խորագիրը, որ կ’ընդգրկէ Աստուածամօր կեանքի հանգրուանները.-

            Աստուծամօր նման՝

            «Մեր անձերը ընծայենք Աստուծոյ եւ Եկեղեցիին»

            «Լսենք Աստուծոյ աւետաբեր ձայնը»

            «Քրիստոնէական արժէքներով յղանանք»

            «Մեր հոգիները վերափոխենք»

            «Մահուամբ անմահութիւն կերտենք»

            Յայտնենք, որ Ս. Գրոց սերտողութիւնները պիտի շարունակուին 9-12 Օգոստոս 2016-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս, Պիքֆայա։

 

More News