5 August, 2016

ԴԵՍՊԱՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեանը։

Նորին Սրբութեան եւ Դեսպանին միջեւ խորհրդակցութեանց նիւթ դարձան Հայաստանի վերջին շրջանի իրադարձութիւններն ու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։ Դեսպան Մկրտչեան նաեւ տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ զարգացող տնտեսական կապերուն մասին։

More News