27 Հուլիսի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը կը պատրաստուի գումարել 11-րդ համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 5-8 Սեպտեմբեր 2016-ին, Ամմանի մէջ, Յորդանան։ Նախապատրաստական աշխատանքերու վերջին ժողովը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 26 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի ժողովասրահէն ներս։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իբր Խորհուրդի նախագահներէն մին, նախագահեց այս կարեւոր ժողովին, որուն ընթացքին վերջնականացուեցաւ համաժողովի օրակարգը եւ արծարծուեցան կազմակերպչական այլ անհրաժեշտ հարցեր։ Ժողովին ներկայ էին, Խորհուրդի անդամ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխ եւ Խորհուրդի կարեւոր բաժանմունքներու պատասխանատուները։
 
 
Նորին Սրբութիւնը ժողովին բացումը աղօթքով կատարելէ ետք, բարի գալուստ մաղթեց ժողովականներուն։ Ան նշեց, թէ Խորհուրդին այս համաժողովը անկիւնադարձային է, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերը եւ յատկապէս քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները շրջանէն ներս։ Ընդհանուր Քարտուղարը յայտնեց, որ Խորհուրդի անդամ բոլոր եկեղեցիները ամէնէն բարձր մակարդակի ներկայացուցիչներով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համաժողովին։ Ժողովականներ այս երեւոյթը դրական նկատեցին եւ գնահատեցին Ընդհանուր Քարտուղարին եւ Խորհուրդի պաշտօնէութեան տարած աշխատանքը։
 
 
Ժողովէն ետք մասնակիցները Վեհափառ Հայրապետին ճաշի հիւրը եղան։
 

More News