25 July, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ն.Ս. ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի 25 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Հայր Ռուէյս Օրաշալիմի, Պատրիարքի խորհրդական Դոկտ. Կրկէս Սալեհ եւ Լիբանանի Ղպտի համայնքի ներկայացուցիչը։ Հանդիպման սկիզբը Դոկտ. Սալեհ Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց Ղպտի Պատրիարքին կողմէ առաքուած անձնական նամակ մը։
 
 
Նորին Սրբութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ ետք Ղպտի պատուիրակութեան յիշեցուց մեր երկու քոյր եկեղեցիներուն պատմական կապերը եւ շեշտեց ուժեղ հիմքերու վրայ հաստատուած այս համագործակցութիւնը շարունակելու հրամայականը։ Ան նշեց, որ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները մեզի համար խթան պէտք է հանդիսանան առաւել եւս ամրապնդելու մեր սերտ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներու վրայ՝ Միջին Արեւելքէն ներս ինչպէս նաեւ սփիւռքի մեր համայնքներուն միջեւ։ Պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին խոստանալով անպայման Թաուատրոս Պատրիարքին փոխանցել արծարծուած հարցերը։
 

More News