18 July, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՆԵՐԿԱՅ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆՁԵՌԱԾ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական ու Երիտասարդական բաժանմունքներուն, Շաբաթ 16 Յուլիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ երիտասարդական համագումար «Ընկերային Ցանցերը Եւ Հայ Երիտասարդութիւնը» խորագրով: Համագումարին ներկայ էին Կաթողիկոսութեան թեմերէն ժամանած ներկայացուցիչներ եւ լիբանանահայ գաղութէն ներս գործող երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ։

            Համագումարի սկիզբը Լսատեսողական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, ներկայ երիտասարդներուն անունով, շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ երիտասարդութեան տուած կարեւորութեան եւ անոնց դերակատարութեան վրայ ունեցած իր հաւատքին համար։ Նորին Սրբութիւնը արհեստագիտութեան նորագոյն բոլոր միջոցները կ’օգտագործէ հասնելու հայ երիտասարդին։ Հայր Սուրբը յիշեցուց, որ այս նախաձեռնութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է Վեհափառ Հայրապետին ունեցած ապագայատեսիլ մօտեցումներուն, որոնց իբր արդիւնք երիտասարդ-եկեղեցի փոխ-յարաբերութիւնները ամուր հիմքերու վրայ կը դրուին՝ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը թարմացնելով այժմէական արհեստագիտութեամբ:

            Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ ընդգծեց ընկերային ցանցերու ունեցած ազդեցութեան կարեւորութիւնը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքէն ներս, զայն որակելով ներկայ դարուն մշակոյթը: Նորին Սրբութիւնը շեշտելով համացանցի մշտական ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ եւ ըսաւ, թէ «Համացանցի հարցը կը նկատեմ մեր ժողովուրդին ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկը, որովհետեւ այս մշակոյթը ուղղակիօրէն կառնչուի հայ ժողովուրդի ինքնութեան, մարդակերտումի եւ հայակերտումի մեր աշխատանքներուն հետ եւ բոլոր մարզերէն ներս կը տեսնենք այս մշակոյթին անդրադարձը: Հայ եկեղեցին ոչ միայն հոգեւոր կեանքի կռուան է, այլեւ հայկական ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն դերակատարներէն մին է, հետեւաբար, մեր Կաթողիկոսութիւնը հսկայ աշխատանք տարած է ու պիտի շարունակէ տանիլ ներկայ արհեստագիտութեան հարթակներուն վրայ՝ քայլ պահելով այսօրուան պահանջներուն հետ»: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ համացանցի ունեցած դրական ու բացասական երեսներուն եւ անոնց առաջադրած մարտահրաւէրներուն մասին, որոնցմէ ամէնէն վտանգաւորը նկատեց աշխարհայնացման մշակոյթը:

            Համագումարի Ա. նիստի ընթացքին ներկայացում ունեցան Տիկ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խուտաւերտեան եւ Տիկ. Թամար Հաշէօլեան «Ընկերային ցանցերը եւ դաստիարակութիւնը» նիւթով: Տիկ. Խուտաւերտեան զեկուցեց համացանցին յառաջացուցած հոգեբանական տարբեր երեւոյթներուն մասին, շեշտելով, թէ համացանցը ընդհանրապէս ու ընկերային ցանցերը յատկապէս կրնան թէ՛ շինիչ եւ թէ՛ ժխտական դեր կատարել երիտասարդին հոգեկան աշխարհին մէջ։ Երկրորդ զեկուցաբերը՝ Տիկ. Հաշէօլեան, ներկայացուց համացանցին ունեցած ժխտական ու դրական երեսներուն դաստիարակութեան մարզէն ներս, ու փոխանցեց արհեստագիտութեան տարբեր ձեւերն ու տեսակները:

              Համագումարի Բ. նիստի բանախօսն էր Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը, որ ներկայացուց «Ընկերային Ցանցերը Եւ Ինքնութիւնը» նիւթը: Դոկտ. Տագէսեան մասնաւորաբար խօսեցաւ հայ ժողովուրդին արդիականացման եւ արհեստագիտութեան հետ ունեցած յարաբերութեան մասին:

            Գ. նիստի, որ կը կրէր գործնական դիմագիծ, բանախօսներն էին Տիկ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան, Օրդ. Արազ Գոճայեան եւ Տիար Արամ Սոմունճեան: Այս նիստին առաջին բաժինով Տիկ. Ղազարեան ներկաներուն համար կազմակերպեց աշխատանոց մը, որուն ընթացքին ներկաները խմբային աշխատանքներ տարին եւ փորձեր կատարեցին ընկերային լրատուամիջոցներու արտադրութիւնները գրաւիչ ձեւով տարածելու (branding)։ Գործնական այս աշխատանոցին տեսական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Օրդ. Գոճայեան, որ ներկայացուց թէ ինչպիսի՞ հմտութիւններ պէտք է ձեռք բերել առցանց բովանդակութեան մը պատրաստութեան համար (Content Creation) ցանցատետրի (blog) հարթակին վրայ, իսկ Տիար Սոմունճեան մանրամասն խօսեցաւ «Լուսանկարներու Դերակատարութիւն» նիւթին շուրջ, նախ բացատրելով լուսանկարահանումի արհեստագիտութեան եւ ապա լուսանկարչութեան հմտութեան մասին։

            Վերջին նիստի ընթացքին զեկուցեցին Տիարք Հրակ Աւետանեանն ու Շիրազ Ճէրէճեանը ներկայացնելով «Ընկերային Ցանցերը Եւ Հայ Դատը» նիւթը: Տիար Աւետանեան խօսեցաւ ընկերային տարբեր ցանցերու միջոցաւ կատարուած թէ՛ հայկական եւ թէ՛ հակահայ քարոզչութիւններուն ձեւին ու տեսակին մասին։ Որմէ ետք Տիար Ճէրէճեան խօսեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին համացանցի վրայ տեղադրուած նիւթերուն բովանդակութեան անդրադարձին:

            Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցան քննարկումներ եւ հարց-պատասխաններ։ Համագումարի ընթացքին տեղի ունեցած զեկոյցներն ու քննարկումները եզրակացումներու յանգեցան, որոնցմէ կ’արժէ յիշել՝

            Ա. Համացանցը ներկայ դարուս անհերքելի կարեւոր տեղ կը գրաւէ երիտասարդին առօրեային մէջ, սակայն երիտասարդը ի՛նք կ’որոշէ ենթարկուելու անոր դրական կամ ժխտական կողմին, շնորհիւ իր քննական միտքին եւ օգտագործման հոլովոյթին։

            Բ. Համացանցը հարթակ մըն է, որ առիթ կ’ընծայէ հայ երիտասարդին դրսեւորելու իր հայկական ինքնութիւնը շնորհիւ անոր տրամադրած հնարաւորութիւններուն՝ կայք, ծրագիրներ, ֆորիւմներ եւայլն։

            Գ. Համացանցը աշխարհի ամէնէն արագ զարգացող իրողութիւնն է եւ անկէ հեռու մնալ կը նշանակէ հեռու մնալ աշխարհի հոսքէն եւ ընթացքէն: Առ այդ, կարեւոր է քայլ պահել աշխարհին հետ:

            Դ. Համաշխարհայնացման եւ ինքնութեան պահպանման ոլորտին մէջ կը բազմապատկուի հայ երիտասարդին պարտաւորութիւնը համացանցը օգտագործելու արհեստավարժօրէն եւ միաւորելու հայկական մշակութային ազդակները։

            Ե. Համացանցի աշխարհը արագ միջոց մըն է բարեկամութիւն ստեղծելու, կապուելու հեռաւորին հետ. հեռաւորը մօտիկ դարձնող իրողութիւն մըն է, սակայն պէտք չէ առիթ տալ, որ մօտիկ գտնուողը հեռացնէ մեզմէ։

 

 

More News