16 Հուլիսի, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

 

Յուլիս 14 2016-ի յետմիջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ միջ-թեմական երիտասարդական համագումարի Ա. նիստը: Նիստին բացումը կատարուեցաւ «Տէրունական» եւ «Զգործս ձեռաց մերոց» աղօթքներով:

 

Ապա, ժողովականները լսեցին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի գործունէութեան եւ աշխատանքներուն ամփոփ զեկոյցը, որմէ ետք յաջորդաբար իրենց զեկոյցները ներկայացուցին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի, Քուէյթի եւ Պարսկաստանի թեմերուն ներկայացուցիչները, որոնք լուսարձակի տակ առին իրենց շրջաններէն ներս կատարուող երիտասարդական ազգային-եկեղեցական գործունէութիւնը, երիտասարդութեան պատկերն ու վիճակը, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրներն ու առաջադրուած հարցերը:

 

Բ. Նիստի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան դասախօսութեամբ մը ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ ծագումը, կատարեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամփոփ պատմականը եւ անդրադարձաւ անոր կարեւոր դերակատարութեան Սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս։

 

Երեկոյեան, համագումարի մասնակիցները հանդիպում-զրոյց ունեցան Հայ Երիտասարդական Համալսարանական Ուսանողական Միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամներուն հետ, որուն նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Կաթողիկոսարանի հովանիին տակ գործող ուսանողական այս միութեան գործունէութեան:

More News