14 Հուլիսի, 2016

ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական եւ Երիտասարդական բաժանմունքներուն կազմակերպութեամբ գումարուող միջ-թեմական երիտասարդական համագումարը սկսաւ իր աշխատանքներուն, 14 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն։

 

            Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ժամանած երիտասարդները Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Նորին Սրբութիւնը բարիգալուստ մաղթելէ ետք մասնակիցներուն, լուսարձակի տակ առաւ սոյն համագումարին կարեւորութիւնը, շեշտելով որ երիտասարդութիւնը կը պատկանի ներկային եւ ոչ ապագային ու անոր մէջ կը կայանայ գաղութներուն վերանորոգման եւ գոյատեւման հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ Սփիւռքի մէջ հայ ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը եւ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան այս ծիրէն ներս։ Ան նշեց, որ մեր գաղութներուն մէջ այսօր մարդուժը կը պահանջէ արհեստավարժ երիտասարդներ, քաջալերելով երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը մեր ազգային ու եկեղեցական կեանքէն ներս։

 

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Շաբաթ, 16 Յուլիս 2016-ի համագումարի յատուկ նիստերուն ընթացքին  քննարկուելիք «Ընկերային ցանցերը եւ հայ երիտասարդութիւնը» այժմէական թեմային մասին:

 

Հանդիպումէն ետք մասնակիցները ծանօթացան Սուրբ Աստուածածին Վանքին ու անոր մէջ գործող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքին: Թեմերէն ժամանած երիտասարդները հպարտութեամբ շրջեցան Վանքէն ներս, տեսնելով վերանորոգուած եւ ամբողջական վանական համալիրի տեսք ստացած այս կեդրոնը, որ լծուածէ Հայ Եկեղեցւոյ համար հոգեւոր մշակներ պատրաստելու առաքելութեան:

 

Նշենք, որ միջ-թեմական երիտասարդական այս համագումարը կը շարունակուի մինչեւ Շաբաթ, 16 Յուլիս 2016։

 

More News