14 July, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՏՊԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԲԵՐՔԸ

Քանի մը օր առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Սարգիս Կիրակոսեանի «Կարծես երազ մը ըլլար» քնարավէպը, հրատարակութիւն՝ Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի, թիւ 85 հատորը (325 էջ)։ Սարգիս Կիրակոսեանի այս անտիպ երկին հրատարակութիւնը կը զուգադիպի հեղինակին անժամանակ մահուան Ա. տարելիցին։
 
Ներկայացուածը աւանդական վէպ մը չէ, այլ արտակարգօրէն տարբեր՝ այլաբանական իր բովանդակութեամբ, էութեամբ ու բնոյթով։ Սակայն, գերակշռող ներկայութեամբը բանաստեղծ հոգիի մը գալարումներուն, ապրումներուն եւ մաքառումներուն։