5 July, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՄԱ-ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻՆ

 

Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ս. Պարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքի գլխաւորութեամբ, Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ գտնուող Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ակադեմիայէն ներս տեղի ունեցաւ Համա-ուղղափառ Եպիսկոպոսաց Ժողովը, որուն մասնակցեցան Արեւելեան Ուղղափառ տասնչորս եկեղեցիներու պետերը։

 

Այս ժողովը հազարամեակէ մը ի վեր սպասուած մեծ ժողովն էր: Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ հրաւիրուած էին քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները, բերելու իրենց մասնակցութիւնը այս ժողովին՝ դիտողի հանգամանքով: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ, սոյն ժողովին մասնակցեցաւ Կոմիտաս Արք. Օհանեանը:

 

        Ուղղափառ Եկեղեցւոյ «Մեծ եւ Սուրբ» Սինոտը, ինչպէս բնորոշուեցաւ այս ժողովը, տեւեց շաբաթ մը 19-26 Յունիս։ Անոր իրագործումը երկար, աւելի քան յիսուն տարիներու սպասումի եւ հետեւողական աշխատանքի արդիւնքը եղաւ, որու յաջողութեանը համար աշխատեցան Արեւելեան Ուղղափառ բոլոր եկեղեցիներուն պատասխանատուները:

 

Ժողովի օրակարգերն էին.-

 

-Ուղղափառ Եկեղեցիին առաքելութիւնը ներկայ աշխարհի մէջ.

արժէքը մարդկային անձին. ազատութիւն եւ պատասխանատուութիւն. խաղաղութիւն եւ պատերազմի արգելքը։

-Ուղղափառ Եկեղեցին տարբերութիւններու դիմաց։

-Առաքելութիւնը Ուղղափառ Եկեղեցւոյ որպէս վկայութիւն՝ սիրոյ եւ ծառայութեան։

-Ուղղափառ սփիւռքը եւ եկեղեցական կանոնականութիւնը: Այս ուղղութեամբ, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոններէն դուրս, տասներկու նոր շրջաններ նշանակուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ:

-Պահեցողութեան կարեւորութիւնը եւ անոր այժմու պահպանման կերպը։

-Ուղղափառ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները ընդհանուր քրիստոնեայ աշխարհին հետ։ Այս առնչութեամբ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ խումբէն դուրս գտնուող բոլոր եկեղեցիները «Այլափառ խոստովանողներ» կոչուեցան: ժողովը յայտարարեց, թէ Ուղղափառ Եկեղեցին կը շարունակէ երկխօսութիւնը միւս եկեղեցիներուն հետ:

More News