27 June, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ 500-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

 

Ուրբաթ, 24 Յունիս 2016-ի յետմիջօրէին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցին (N.E.S.T.) մէջ կազմակերպուած էր համագումար մը՝ նուիրուած բողոքական շարժումի 500-ամեակին: Սոյն համագումարին ներկայ էին լիբանանցի եւ գերմանացի աստուածաբաններ եւ պատմաբաններ: «Բողոքականութեան ազդեցութիւնը Արեւելեան Եկեղեցիներուն վրայ» խորագրով դասախօսական բաժնին համար Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներէ կազմուած ներկայացուցիչներու կողքին նաեւ հրաւիրուած էր Հայ Եկեղեցին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ Դպրեվանքի Փոխ-տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, որ անգլերէն լեզուով ներկայացուց «Բողոքական շարժումին ազդեցութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ վրայ» վերնագրով նիւթը։ Դասախօսութեան աւարտին Հայր Սուրբը պատասխանեց կարգ մը հարցումներու: