13 June, 2016

Դպրեվանքի Ամավերջի Հանդիսութեան Առիթով

 

«Դպրեվանքը այս կառոյցով կը սկսի սակայն այս կառոյցը կանդրանցնի

վերածուելով ոգիի, հաւատքի, տեսիլքի եւ առաքելութեան՝ մեր ժողովուրդին գացող»։

 

Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Կիրակի, 12 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի ամավերջի հանդէսը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ձեռնարկին ներկայ էին միաբան հայրեր, Դպրեվանքի ուսուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ, ծնողներ եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող ու քաջալեր հանդիսացող հայորդիներ։

 

            Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցան Դպրեվանքի սաներուն երաժշտական զանազան տաղանդները։ Դպրեվանքի տեսչութիւնը վերջին երկու տարիներու ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էր երաժշտութեան, որպէս մանկավարժական կարեւոր ազդակ։ Սաներ իրենց առօրեայ դասերուն առընթեր, մասնագէտ ուսուցիչներու հսկողութեան ներքոյ, կը զարգացնեն իրենց երաժշտական շնորհքները։ Արդարեւ, ամավերջի հանդիսութեան ընթացքին, Դպրեվանքի ուսանողները դաշնակի, կիթառի եւ տուտուկի գործիքներով խմբային եւ անհատական կատարումներ ունեցան ու հմայեցին ներկաները։ Իսկ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ Դպրեվանքի Հսկիչ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանի խմբավարութեամբ։

 

            Հանդիսութեան բացումը կատարեց Դպրեվանքի Փոխ-տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։ Ապա, տեղի ունեցան երաժշտական կատարումներ։ Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեան աւարտական դասարանին անունով կարդաց շնորհակալիքի ուղերձը։ Դպրեվանքի Տեսուչ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան ընթերցեց տարեկան իր զեկոյցը, որուն ընթացքին խորհրդածելով Դպրեվանքի առաքելութեան մասին ըսաւ. « Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական դարաւոր ու պատմական Աթոռը իր Դպրեվանքով կը մնայ հոգեւոր ճառագայթումի այնպիսի մէկնակէտ մը, ուրկէ լոյս է որ կը ցայտէ, որուն ցոլքը կը հասնի մինչեւ ասիական, եւրոպական եւ ամերիկեան ափերուն վրայ հաստատուած մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, լուսաւորելով անոնց հոգեւոր ու ազգային կեանքը։ Կիլիկիոյ Հայրապետական Սուրբ Աթոռը իր «Հրաշագործ դարբնոց»ով, կը շարունակէ մնալ ազգային յոյզերու անկորնչելի վկայարան եւ հոգեւոր ու մշակութային հարուստ ժառանգութեան անապական գանձարան, ուրկէ յոյս է որ կը ծնի, այն բարի յոյսը, որ մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդի զաւակները կը զինէ ազգին ու եկեղեցւոյ ապագան փայլուն տեսնելու խորհուրդով։ Հայ Եկեղեցւոյ Կիլիկեան փառապանծ Աթոռը իր յաղթական Դպրեվանքով, կը շարունակէ հանդիսանալ հոգեկերտումի եւ հայակերտումի կեդրոնական օճախ, որ հաւատք կը սերմանէ ամէն կողմ, գործնականացած հաւատք, ծառայութեան ճամբով սիրոյ ու կեանքի թարգմանուած հաւատք։   Անթիլիասի Դպրեվանքէն զուլալ ջուր է որ կը բխի, որ կը վերածուի աղբիւրներու, երթալ ոռոգելու համար Կիլիկեան թեմերը եւ հայ Սփիւռքը։ Դպրեվանքի ոսկիացնող ձուլարանէն, դպրեվանեցին այս որակով դուրս կու գայ»։

 

Հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը կատարեց աւարտական սաներու ութ տարիներու արգասիքին խորհրդանիշը հանդիսացող վկայականաց բաշխումը։ Ապա, ան տուաւ Հայրապետական պատգամը անդրադառնալով Դպրեվանքին իւրայատուկ ինքնութեան եւ ըսաւ. «Մարդակերտումը սովորական բառ չէ մեզի համար՝ Դպրեվանքին համար։ Այս կառոյցէն ներս մենք միայն ուսում չենք տար, այլ մարդ՝ նկարագիր ունեցող մարդ կը կերտենք։ Ուսում տալը դիւրին է, սակայն մարդուն մէջ մարդը կերտելը, նկարագիր կերտելը շատ դժուար եւ ահա այս առաքելութեան լծուած է Դպրեվանքը։ Այս օրերուն մանաւանդ, մենք մեր ժողովուրդին մէջ պէտք ունինք նկարագիր ունեցող մարդոց։ Դպրեվանքին մէջ մենք կը կերտենք ու պիտի շարունակենք կերտել նկարագիր ունեցող մարդիկ, որոնք մեր ազգային ու եկեղեցական արժէքներով լեցուած եւ ձգտումներով հզօրացած երթան մեր ժողովուրդին»։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով Դպրեվանքի երկրորդ իւրայատկութիւնը յայտնեց. «Դպրեվանքին մէջ մենք առաքեալ կը կազմաւորենք։ Ուսումը պէտք է վերածել առաքելութեան։ Ուսումը դասարանով սկսող եւ վկայականով աւարտող ընթացք մը չէ երբեք, այլ շարունակուող եւ հզօրացող ընթացք մըն է։ Դպրեվանքէն դուրս ելլող բոլոր վկայեալները պիտի շարունակեն իրենց ուսումը, բայց մանաւանդ ուսումը պիտի վերածեն ծառայութեան ու առաքելութեան մեր ժողովուրդի համայնական կեանքէն ներս»։

 

Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս Դպրեվանքին ունեցած ներդրումին մասին։ «Դպրեվանքը ես կը նկատեմ ճանապարհ ազգաշինութեան։ Մեր եկեղեցին ու ազգը նոյնացան պատմութեան ընթացքին։ Մեր եկեղեցին երբեք ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ կառոյց չդարձաւ։ Մեր եկեղեցին միայն աղօթքի տուն չեղաւ, այլ նաեւ ազգին տունը, ինչպէս կը յիշեցնեն մեզ Դպրեվանքի քայլերգին բառերը։ Դպրեվանքին մէջ ազգը եւ եկեղեցին նոյնացած են, իրենց աւանդութիւններով, արժէքներով, տագնապներով եւ ձգտումներով։ Մենք այս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ մարդ կը պատրաստենք, որպէսզի անոնք նոյն այս տեսիլքով երթան մեր ժողովուրդի ծառայութեան» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս։

 

Աւարտին, երգուեցան Դպրեվանքի քայլերգը, «Ի Վեհ Բարձանց» մաղթերգը եւ «Կիլիկիա»ն։ Նշենք, որ ներկաներուն բաժնուեցաւ Դպրեվանքի «Գլաձոր» Տարեգիրքի նոր լոյս տեսած հատորը, որ արտացոլացումն է ուսանողներու մտաւոր աշխատանքին։

More News