12 Հունիսի, 2016

ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Յունիս 2016-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երեք աբեղայ միաբաններ՝ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Աբղ. Ղարախանեան, Հոգշ. Տ. Վաչէ Աբղ. Պալըքճեան եւ Հոգշ. Տ. Վիգէն Աբղ. Տալգլըճեան ստացան Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան չորս աստիճանները: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։
 
 
Պատարագի ընթացքին՝ Տէրունական աղօթքէն առաջ, Ձեռնադրիչ Սրբազանը՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Խարտաւիլակ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեանի առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ Մայր Տաճարին ատեանը, ուր նախ կատարուեցաւ ընծայեալ աբեղաներուն հաւատքի քննութիւնը: Ապա, Ձեռնադրիչ Սրբազանը շնորհեց Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած Վարդապետութեան Մասնաւոր Իշխանութեան չորս աստիճանները եւ յանձնեց վարդապետական գաւազանը:
 
 
Ձեռնադրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը քարոզեց եւ անդրադարձաւ վարդապետական աստիճանի պաշտօններուն ու կարեւորութեան մեր եկեղեցիէն ներս: Ապա, իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալներուն ըսաւ. «Ամէն անգամ որ եկեղեցւոյ մէջ նոր իշխանութեան ու նոր աստիճանի արժանանանք կը հրճուինք։ Սակայն պէտք է լաւ գիտակցիք, որ իւրաքանչիւր աստիճանի հետ նաեւ կը ծանրանան մեր պարտաւորութիւններն ու կը ծաւալին աշխատանքի ծառայական դաշտերը։ Ա՛յս գիտակցութեամբ է, որ մենք պէտք է ստանձնենք իւրաքանչիւր աստիճան ու պաշտօն»։ Վերջապէս, Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին իրեն ընծայած այս առիթին համար եւ շնորհաւորեց Միաբանութիւնը:
 
 
Պատարագէն ետք, Նորին Սրբութիւնը Վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ նոր ձեռնադրուած վարդապետները, Գեղամ Սրբազանին եւ Շնորհք Վարդապետին գլխաւորութեամբ ու Հայրապետական իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց:
 
 
Յայտնենք, որ Շաբաթ, 11 Յունիս 2016-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ երեք աբեղաները ներկայացուցին իրենց աւարտաճառերը: Հանդիսութեան նախագահեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ներկայ էին Միաբան Հայրեր։ Լսելէ ետք աւարտաճառերու ներկայացումները Նորին Սրբութիւնը իր թելադրութիւնները կատարեց, ընդգծեց տարուած աշխատանքներուն ու նիւթերուն կարեւորութիւնը եւ քաջալերեց, որ մտաւորական աշխատանքը, հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան կողքին, դառնայ միաբաններու կեանքին անբաժան մասնիկը։
 
 
Վահրիճ Վարդապետին աւարտաճառի նիւթն էր՝ «1922-1931 Սահակ Կաթողիկոսի, Եղիշէ Արք. Դուրեանի եւ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսի Թղթակցութիւնները», Վաչէ Վարդապետին՝ «Թղթակցութիւններ Ամերիկահայոց Թեմական Կեանքին Առնչուած (1920-1935)» եւ Վիգէն Վարդապետին՝ «Կիպրահայոց իրավիճակը 1924-1937` Թղթակցութիւններ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսի եւ Պետրոս Արք. Սարաճեանի Միջեւ»։
 
 
Նշենք, որ աւարտաճառերու պաշտպանութեան աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, թէ վարդապետական լանջախաչ կրելու արտօնութիւն կը շնորհէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկութեան 7 միաբաններու՝ առ ի գնահատանք իրենց տարած աշխատանքին ու մեր եկեղեցւոյ, Կաթողիկոսութեան եւ ազգին մատուցած ծառայութեան։ Լանջախաչ կրելու շնորհքին արժանացած միաբաններն են՝ Արտակ, Վարդան, Հրանդ, Շնորհք, Պօղոս, Պետրոս եւ Յովհաննէս վարդապետները։
 

More News