17 June, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Իրանի նորընտիր Նախագահը

Մեծայարգ

Տոքթ. Հասան Ռուհանի

Ընտրեալ Նախագահ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան

Թեհրան

 

Ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը որպէս նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:

 

Արդարեւ, քաջածանօթ ենք Իրանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Վստահաբար, պետական կառոյցներէն ներս Ձեր կուտակած երկար տարիներու հարուստ փորձառութեամբ, ինչպէս նաեւ Ձեր բարեկարգչական ծրագիրներով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առջեւ պիտի բանաք դէպի առաւել բարգաւաճում ու յառաջդիմութիւն առաջնորդող նոր ճամբաներ ու հորիզոններ:

 

Ինչպէս գիտէք, Հայ համայնքը Իրանի մէջ երկար դարերու պատմութիւն ունի: Ան անբաժան մասն է իրանեան հայրենիքին՝ պահելով հանդերձ իր առանձին ինքնութիւնը եւ կրօնական ու համայնքային կառոյցները: Մենք լաւատեղեակ ենք Հայ համայնքին հանդէպ Ձեր ունեցած դրական ու բարիացակամ վերաբերմունքին: Վստահ ենք, որ մեր համայնքը վերանորոգ նուիրումով Ձեր առաջնորդութեամբ պիտի շարունակէ իր ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերել Իրանի ծաղկման աշխատանքներուն:

 

Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Ձեզի շնորհէ առաւել իմաստութիւն, առողջութիւն ու կորով, Իրանի ազնիւ ժողովուրդին կողմէ Ձեզի վստահուած առաքելութեան մէջ:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

More News