5 Հունիսի, 2016

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԹԱԳԱՒՐՈՒԹԵԱՆ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՕՇԻՆ ԱՐՔԱՆԵՐԸ «ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՆ» ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ՝ «ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԻԼԻԿԻՈՅ» ՄԷՋ

Քահանայական Օծում եւ Աբեղայական Օրհնութիւն Անթիլիասի Մէջ

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԹԱԳԱՒՐՈՒԹԵԱՆ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՕՇԻՆ ԱՐՔԱՆԵՐԸ «ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՆ» ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ՝ «ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԻԼԻԿԻՈՅ» ՄԷՋ

 

Մեր ժողովուրդի հոգեւոր անդաստանը ծով կարիքը ունի անձնդիր մշակներու, որոնք եկեղեցւոյ ճամբով իրենց ողջ կեանքը կը նուիրեն մեր ժողովուրդի ծառայութեան։ Ա՛յս ոգիով է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը գործէ ու կը ծաւալէ իր աշխարհասփիւռ առաքելութիւնը՝ շնորհիւ իր զինուորագրեալ միաբանութեան։ Ահաւասիկ նո՛յն այս գիտակցութեամբ, Դպրեվանքի գիտութեամբ լիցքաւորուելու եւ հոգեւոր սնունդով ուռճանալու ընթացքը աւարտած երկու երիտասարդ ուժեր, 5 Յունիս 2016-ին ուխտեցին անդամ դառնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան՝ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելով եւ իրենց կեանքը ընծայաբերելով մեր ժողովուրդին հոգեւոր, եկեղեցական ու ազգային ծառայութեան։

 

Շաբաթ, 4 Յունիս 2016-ին, Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կոչման արարողութիւնը: Խարտաւիլակին՝ Դպրեվանքի Փոխ-տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վարդապետ Թինքճեանի առաջնորդութեամբ ընծայեալները Մայր Տաճարի մուտքէն ծնկաչոք ուղղուեցան դաս, ուր Ձեռնադրիչը՝ Գանատայի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, կատարեց անոնց հաւատքի խոստովանութիւնը: Ընծայեալները նախ նզովեցին բոլոր հերետիկոսները եւ Եկեղեցւոյ ճշմարիտ դաւանանքին խորթ եղող վարդապետութիւնները եւ ապա, հաստատեցին Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքին ու սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն իրենց հաւատարմութիւնը: Կոչման արարողութեան աւարտին, ընծայեալները ծունկի եկած Սուրբ Խորանին դիմաց, Վեհափառ Հայրապետին, միաբան հայրերուն, Ձեռնադրիչ Սրբազանին եւ ժողովուրդին առջեւ հրապարակաւ ընթերցեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին զինուորագրուելու իրենց ուխտագիրները:

 

Ձեռնադրութիւնը շարունակուեցաւ Կիրակի, 5 Յունիս 2016-ին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Նախքան Հաւատոյ Հանգանակի արտասանութիւնը, ընծայեալները Խարտաւիլակ Հայր Սուրբին առաջնորդութեամբ ծնկաչոք բարձրացան Սուրբ խորան, ուր աստուածաշնչական ընթերցումներու, հոգեթով աղօթքներու եւ Ձեռնադրիչ Սրբազանին կողմէ կարդացուած խրատականներու ճամբով անգամ մը եւս հրաւիրուեցան գիտակցելու Քրիստոսի «քաղցր լուծը» կրելու խորհուրդին:

 

Օծման խորհրդաւոր պահուն, Ձեռնդարիչ Սրբազանը Սուրբ Հոգին խորհրդանշող Սրբալոյս Միւռոնով օծեց ընծայեալներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը, Գաբրիէլ Սարկաւագը վերանուանելով Տ. Լեւոն Քահանայ եւ Յովհաննէս Սարկաւագը՝ Տ. Օշին Քահանայ։

 

Սրաբազան Հայրը խօսեցաւ օրուան խորհուրդը պարփակող քարոզ մը։ Ապա, խօսքը ուղղելով նորօծ Լեւոն եւ Օշին քահանաներուն յորդորեց. «Ձեր կեանքին մէջ եղէ՛ք խոնարհ, աղօթասէր, սիրով, խղճով, սրտով ու մտքով մաքուր։ Ծառայեցէ՛ք Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով մեր ժողովուրդին։ Այսպէս մեր հայրերը ծառայեցին եւ մենք իրենց օրինակով պիտի շարունակենք քալել ի պայծառացումն Հայ Եկեղեցւոյ»։ Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին ձեռնադրութիւն կատարելու այս առիթը ընձեռելուն համար եւ շնորհաւորեց Միաբանութիւնը, Դպրեվանքի Տեսչութիւնն ու մեծ ընտանիքը, ծնողները եւ մեր ժողովուրդը։

 

«Ողջոյն»ի պահուն, Վեհափառ Հայրապետը եւ միաբան հայրերը Ս. խորան բարձրանալով համբուրեցին նորօծ քահանաներուն ճակատներն ու ձեռքերը: Նշենք, ձեռնադրութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Պէօյիւքեան ընտանիքը, որ նորընծաներուն ճակատներուն եւ ձեռքերուն լուացումը կատարեց:

 

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտերու խորհրդանիշը հանդիսացող վեղարի օրհնութիւնը:

 

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, նորընծաները թափօրով բարձրացան Վեհարանի դահլիճ, ուր ստացան Հայրապետական օրհնութիւն։ Ապա, Մայր Տաճարի դասին մէջ ներկայ հաւատացեալները մօտեցան նորընծաներուն՝ աջահամբոյրով ստանալու անոնց առաջին օրհնութիւնը։

More News