30 Մայիսի, 2016

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 11 ՍԱՆԵՐ ՈՒԽՏԵՑԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ ՏԻՐՈՋ ՍՈՒՐԲ ՍԵՂԱՆԻՆ

Կիրակի, 29 Մայիս 2016-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ընծայարանի 11 սաներ սարկաւագական ձեռնադրութեան արժանանալով ուխտեցին ծառայել Տիրոջ Սուրբ Սեղանին։ Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Արարողութեան ներկայ էին Միաբան Հայրեր, Դպրեվանքի Տեսչութիւնը, ծնողներ եւ ստուար թիւով հաւատացեալներ, որոնք իրենց աղօթքներով զօրակից եղան եկեղեցւոյ այս կարեւոր կարգին արժանանալու կոչուած ընծայեալներուն։
 
Պատարագի ընթացքին Դպրեվանքի Հսկիչ եւ Խարտաւիլակ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանի առաջնորդութեամբ ընծայեալները ծնկաչոք բարձրացան Ս. Խորան։ Եկեղեցւոյ հայրերու հոգեպարար աղօթքներուն եւ աստուածաշնչական ընթերցումներուն ընդմէջէն Ձեռնադրիչ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան խրատեց եւ իրենց ստանալիք պաշտօնին գիտակցութեանը հրաւիրեց ձեռնադրեալները։ Ապա, «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհս» շարականի երգեցողութեամբ անոնք հրաժարեցան երկրաւոր ու աշխարհիկ փառքերէն։ Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք Սրբազան Հայրը իր քարոզի ընթացքին անդրադարձաւ Առաքեալներու Գործերուն մէջ արձանագրուած Ս. Ստեփանոսի նուիրուած դրուագին եւ այդտեղ նշուած Եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսին առաքինութիւններուն, որոնք կը բնորոշեն զինք իբր հաւատքով ու Սուրբ հոգիով, շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն մարդ մը։ Ձեռնադրիչ Սրբազանը հրաւիրեց ընծայեալները, որ իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան Ս. Ստեփանոսը իբր տիպար ունենան։ «Այսօր նոր էջ մը բացուեցաւ ձեր կեանքին մէջ։ Եթէ մինչեւ օրս ձեր կեանքը աննպատակ էր, յետ այսու ձեր կեանքը նպատակասլաց պէտք է ըլլայ՝ ծառայութիւն Աստուծոյ, ծառայութիւն մեր Եկեղեցւոյ եւ ծառայութիւն մեր ժողովուրդին» ըսաւ Սրբազան Հայրը։
 
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին նոր ձեռնադրուած 11 սարկաւագները, Ձեռնադրիչ Սրբազանին ու Դպրեվանքի Տեսչութեան առաջնորդութեամբ, ներկայացան Վեհափառ Հայրապետին, որ իր Հայրական խրատները տուաւ եւ քաջալերեց զիրենք եկեղեցանուէր առաքելութեան սկզբնաւորութեան եւ ապա «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց։

More News