29 May, 2016

Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնը Անթիլիասի Մէջ

«ՄԱՅԻՍ 28-Ը ԱՐԹՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՈՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ» Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Կիրակի, 29 Մայիս 2016-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տօնական մթնոլորտ մը պարզուեցաւ՝ Մայիս 28-ի տօնակատարութեամբ ու Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան նշումով։ Ս. եւ Անմահ Պատարագով, Հոգեհանգստեան արարողութեամբ եւ ապա Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ, արժանաւորապէս նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման տօնը եւ պանծացուեցաւ յիշատակը Սարդարապատի հերոսամարտով անկախութիւն կերտած եւ հայրենի հողին իրենց արեան շաղախումով անմահացած քաջամարտիկներուն: Մեր ժողովուրդի պատմութեան այս փառաւոր էջը՝ Մայիս 28-եան փառապանծ յաղթանակի այս տօնը, անուանակոչութեան օրն է նաեւ Ս. Աթոռոյս Ազգընտիր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտներու ընթացքին զոհուած քաջամարտիկներու հոգիներուն նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօնին:

 

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Դպրեվանքի աշակերտներէն ու Միաբան Հայրերէն կազմուած թափօրը Վեհարան առաջնորդեց ներկայ ժողովուրդը։ Դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Ապա, Դպրեվանքի Փոխ-տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան օրուան խորհուրդին նուիրուած ուղերձը ընթերցեց. «Պայթիւններու ու կրակոցներու աւարտին, մեռելազանգ չէր որ կը հնչէր, այլ Սարդարապատի անկախատենչ սերունդը գովաբանող ղօղանջներ էին որոնք կ’արձագանգէին։ Ահա այն սերունդը, որ իր շունչն իսկ դրած էր ի սպաս իր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անկախացման, տիպարը դարձաւ առաջին հանրապետութեան եւ սերունդներ ներշնչեց իր խիզախութեամբ»։ Շարունակելով իր ուղղերձը Հայր Սուրբը ըսաւ. «Արամ Մանուկեանի շունչով, անոր անուանակից եւ Հայ Դատի նախանձախնդիր ժառանգորդ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, եղած էր ու կը մնայ անկախութեան եւ մայր հայրենիքի պաշտպանութեան ռահվիրայ՝ իր յաճախակի Հայ Դատի մասին յիշեցումներով ու պատգամներով, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին մասին իր ճառերով եւ Ղարաբաղի տագնապի օրերուն Արցախ իր անձամբ այցելութեամբ»։

 

Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոս: «Մայիս 28-ը արթնութեան եւ զգաստութեան կո՛չ է Հայաստանի, Ղարաբաղի ու Սփիւռքի մեր աշխարհիկ եւ հոգեւոր ղեկավարութեան։ Մայիս 28-ի սերունդը խոր հաւատքով, գիտակից յանձնառութեամբ եւ ամուր վճռակամութեամբ կռուեցան ի խնդիր Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն եւ իրենց արեան դրոշմով կերտեցին մեր ժողովուրդին յաղթանակը։ Այսօր եւս, Մայիս 28-ի ոգին կը սաւառնի Ղարաբաղի մեր ժողովուրդին վրայ ու յատկապէս Ղարաբաղի պաշտպանութեան համար կռուող եւ նոյնիսկ իրենց արիւնը թափող մեր հերոս տղոց կեանքին մէջ։ Սակայն Մայիս 28-եան ոգին այսօր մեր վրայ պարտաւորութիւն կը դնէ, որ մենք մեր ժողովուրդի զաւակները պահենք մեր հայրենիքէն ներս, ի խնդիր մեր ժողովուրդի, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի իրաւունքներու պաշտպանութեան» ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ապա, անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան վրայ դրոշմուած Մայիս 28-ի ոգիին, ան յիշեցուց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռի առաքելութեան, Միաբանութեան ու Դպրեվանքին համար Մայիս 28-ը եղաւ մեր կեանքին մէջ ծածանող հոգի, մեր հոգեմտաւոր կազմաւորման ու ծառայութեան մէջ մնաց նուիրական կտակ, որուն հաւատարմութեամբ սերունդներ կազմաւորուեցան՝ մի՛շտ հաւատարիմ մնացինք Մայիս 28-ի ոգիին, եռագոյնին, ամբողջական հայութեան ու ամբողջական Հայաստանի երազին։ Մենք այս ոգիով, երազով, տագնապով ու պայքարով կազմաւորուեցանք ու կը շարունակենք սերունդներ դաստիարակել։ Մենք նո՛յն ոգիով, հաւատարմութեամբ ու գիտակից նուիրումով պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւնը բերել մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, աստուածաշնչական արժէքներով կենսաւորուած ու Մայիս 28-ի յաղթանակով ու պատգամով շաղախուած ծառայելու մեր հայրենիքին, մասնակից դառնալու մեր ժողովուրդի ազգային պահանջատիրութեան եւ մի՛շտ մեր հայեացքը ուղղելու մեր ժողովուրդի պայծառ ապագային»։

 

Հանդիսութեան աւարտեցին Նորին Սրբութիւնը օրնեց ներկաները եւ ապա, անոնք աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին Վեհափառ Հայրապետին:

More News