10 May, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Ա.Մ.Է. ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ

 

Երկուշաբթի, 9 Մայիս 2016-ի երեկոյեան, Տուպայի «Ալ Պուսթան Ռօթանա» պանդոկին մէջ, կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ։

 

Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ էին զանազան երկիրներու դեսպաններ, Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը, Եպիսկոպոսական Ժողովի Գրասենեակի տնօրէն եւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանը, Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը, Վիճակի ազգային երեսփոխաններն ու վարչութեանց անդամները, կիլիկեան «Իշխան»ներ եւ «Ասպետներ», բարերարներ ու բարեկամներ՝ աւելի քան 350 անձ, որոնք հաւաքուած էին յոբելեար Հայրապետին շուրջ, անոր գահակալութեան 20-ամեակին ուրախ առիթով։

 

1995 թուականին էր, երբ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ մեր ժողովուրդին կամքով Կիլիկիոյ Հայրապետական պատմական ու Սուրբ Աթոռին վրայ բազմեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, նոր շունչ եւ նորոգութիւն բերելով Կիլիկիոյ դարաւոր Աթոռին։ Նորին Սրբութեան 20-ամեայ բեղուն գահակալութեան եւ համահայկական ու հայապահպանման, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական, հայ դատի ու պահանջատիրութեան, կրթական ու մշակութային, շինարարական եւ զանազան այլ բնագաւառներու մէջ անոր ձեռք բերած հարուստ գործունէութեանց մասին արտայայտուեցան Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը, Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Տիար Հրայր Սողոմոնեանը եւ Տուպայի ու հիւսիսային Ա.Մ.Է. Ազգային Վարչութեան ատենապետ Մուշեղ Պետիրեանը։ Ապա, իրագործուեցաւ այս առիթով պատրաստուած գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը։

 

Իր արտասանած խօսքին ընդմէջէն Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անցնող տարիներու գործունէութիւնը, ընդգծելով այն իրողութիւնը, որ Կիլիկեան Հայրապետական Սուրբ Աթոռին կեանքը եղած է «ծառայութիւն դէպի մեր ժողովուրդը, հայրենիքը եւ պահանջատիրութիւնը»։ Ան ըսաւ. «Մենք կը գործենք մեր ժողովուրդի մնայուն արժէքներէն, գերագոյն ձգտումներէն ու համահայական առաջնահերթութիւններէն մեկնած։ Մեզի համար, ի՛նչ հանգամանքի տէր ալ ըլլայ անձ մը, արժէք է եւ մեր սիրոյն ու յարգանքին արժանի, երբ կը ծառայէ մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքի շահերուն»։

 

Յայտնենք, որ այս առիթով ցուցադրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող «Հաւատքի Առաքեալը» անունը կրող յատուկ տեսերիզ մը, որ պատրաստուած էր Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական Բաժանմունքին կողմէ։

 

Նշենք, որ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակը կը զուգադիպէր անցնող տարուան, բայց նկատի ունենալով, որ անիկա կը հանդիպէր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, յարմար տեսնուեցաւ, որ 2016 թուականին նշուի Նորին Սրբութեան կաթողիկոսական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակը։

 

 

More News