9 May, 2016

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏՈՒՊԱՅԻ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 

Տուպայի իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակի, 8 Մայիս 2016-ի երեկոյեան, Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ, ընդունեց Տուպայի եւ Հիւսիսային Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ազգային Վարչութիւնը, իսկ Երկուշաբթի, 9 Մայիսի առաւօտուն՝ Քաթարի Ազգային Վարչութիւնը։ Սոյն հանդիպումները առիթ դարձան, որ Նորին Սրբութիւնը մօտէն հաղորդ դառնայ անոնց յառաջիկայ ծրագիրներուն ու շարք մը խնդիրներու գծով իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց։ Զոյգ հանդիպումներու աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց անոնց աշխատանքները եւ հրաւիրեց, որ նոյն բծախնդրութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։

 

            Յայտենք, որ Ա.Մ.Է. եւ Քաթարի շրջանի մեր գաղութները կազմակերպ ու ծաղկող ընթացքի մէջ կը գտնուին, ինչպէս նաեւ գործօն մասնակցութիւն կը բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռի համազգային առաքելութեան մէջ։