8 May, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան իր կեցութեան ընթացքին, Շաբաթ, 7 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Սուրէն Գոճաքեան» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին, հոգեւոր հովիւին, Ապու Տապիի ազգային երեսփոխաններուն, ազգային վարչութեան, նորակառոյց ազգային «Արա Խանոյեան» վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, Եկեղեցւոյ թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբի եւ դպրաց դասի անդամներուն ու յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։

 

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց անոնց գործունէութիւնը եւ հրաւիրեց զանոնք, որ նոյն գիտակցութեամբ ու նուիրումով շարունակեն իրենց եկեղեցանուէր ու ազգային ծառայութիւնները։ Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ազգային Առաջնորդարանին շուրջ ձեր համախմբուածութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեր ներքին կազմակերպուածութիւնը եւ զանազան ձեւերով գաղութի աշխատանքներուն ձեր բերած մասնակցութիւնը պատեհութիւնը պիտի շնորհեն ձեզի, որ ընդմիշտ ծաղկուն գործունէութիւն եւ մնայուն վերելք ունենաք»։ Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ»ով հանդիպումը հասաւ իր աւարտին։

More News