7 May, 2016

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՇՆՉԱՒՈՐՈՒԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳՒՈՎ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

 
 
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ, Ուրբաթ, 7 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։
 
Նախքան քարոզը, Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան բարի գալուստի եւ երախտագիտական խօսքեր արտասանեց Նորին Սրբութեան հասցէին եւ հրաւիրեց զինք, որպէսզի իր հայրապետական պատգամը փոխանցէ ներկաներուն։
 
Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս եկեղեցւոյ ունեցած օրհնեալ դերակատարութեան եւ հայկական վարժարանին ընձեռած բարեբեր ազդեցութեան մասին։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Եկեղեցին եւ դպրոցը զիրար ամբողջացնող սրբազան կառոյցներ են։ Անոնք մեր կեանքը կը հարստացնեն եւ մեր ժողովուրդին ապագան կը դարձնեն կայուն ու հաստատ։ Եկեղեցին սիրտն է մեր ազգին, իսկ վարժարանը՝ մարդուժի պատրաստութեան նուիրական կեդրոն»։ Շարունակելով իր պատգամը Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան առաքելութեան մասին եւ զայն որակեց «հաւատքի սրբազան առաքելութիւն»։ Ան ըսաւ. «Մեր Սուրբ Աթոռը ինքզինք ծառայութեամբ կ’իրագործէ եւ իր առաքելութիւնը ժողովուրդին համար աշխատելով կը սրբացնէ։ Այս է եղած մեր Հայրապետական Աթոռին նշանաբանը։ Իսկ Դպրեվանքը, որպէս սիրտը մեր Կաթողիկսութեան, ա՛յս որակի մարդ է որ կը պատրաստէ եւ կ’ընծայէ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին»։
 
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց դասընկերներ եւ օծակիցներ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը եւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանը, որոնք բծախնդրութեամբ լծուած են իրենց աշխատանքին եւ ծառայութեամբ կը թարգմանեն Դպրեվանքէն ստացած իրենց անթիլիասական կրթութիւնը։
 
Սրբազան արարողութեան աւարտին, ներկայ բազմութիւնը մօտեցաւ Նորին Սրբութեան եւ աջահամբոյրի ճամբով ստացաւ հայրապետական օրհնութիւններ։ Աւելի ուշ, Թեմի կեանքէն ներս իր ունեցած վաստակին ու մատուցած ծառայութեանց համար, ինչպէս նաեւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն իր բերած նիւթական նպաստին համար, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Թեմի ազգայիններէն Տիար Վահէ Թուխմանեանը։

More News