6 Մայիսի, 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ Ա.Մ.Է. ՄՇԱԿՈՅԹԻ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆՑ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ

Ուրբաթ, 6 Մայիս 2016-ի կէսօրին, Ա.Մ. Էմիրութեանց Մշակոյթի, Երիտասարդութեան եւ Գիտութեանց Զարգացման Նախարար Ն.Գ. Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ Նահեան իր բնակարանին մէջ պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիպումին եւ պաշտօնական ճաշկերոյթին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին նաեւ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը, պատուիրակութեան անդամ հոգեւորականները եւ գաղութի ներկայացուցիչները։

 

Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով գնահատեց հայ համայնքին նկատմամբ պետութեան ցուցաբերած հոգածու վերաբերումը։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց իր նախորդ այցելութիւնը եւ ունեցած հանդիպումը երկրի Նախագահին հետ, ինչպէս նաեւ վեր առաւ Ա.Մ.Է. ունեցած դրական մօտեցումը միջ-կրօնական գործակցութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան գոյութեան նպաստող աշխատանքներուն։ Ապա, Նախարարը իր կարգին գնահատանքի իր խօսքը յայտնեց Ա.Մ.Է. մէջ հաստատուած հայերու աշխատասիրութեան ու պարկեշտութեան գծով, ինչպէս նաեւ երկրին զարգացման բերած անոնց կարեւոր նպաստին համար։

More News